Հիւսիս-հարաւ առանցքը անդամալուծուած
Ժամանակն է, որ հարցերը դնենք մերկապարանոց եւ առաջին հերթին՝ հարց տանք թէ իսկապէս ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ Ռուսաստան-Հայաստան-Իրան Հիւսիս- Հարաւ Առանցքին շուրջ, հիմա որ պատերազմը ստացած է խիստ գոյութենական բնոյթ մեր երկրին համար։ Կ՚ակնարկեմ այն աշխարհաքաղաքական եւ ուժային առանցքին, որ ցարդ վճռականօրէն խափանած է ու կը խափանէ փանթուրքիզմի ճանապարհը։
Այս առանցքը պաշտօնապէս ձեւաւորուած զինակցութիւն մը չէ։ Ան ի մի եկած է կեանքի ուժով։ Անոր մէջ ընդգրկուած պետութիւններն ու տարածաշրջանային ոչ-պետական ուժերը գործած են որպէս բնական դաշնակիցներ եւ որոնք գիտեն պատմութեան փորձով, որ իրենց կենսական խնդիրները լուծելու համար կախուած են իրարմէ։ Անոնք «կ՚ապրին» հաւաքաբար եւ իրարմով։ Եւ առանց անոնց փոխ-սնուցիչ ուժականութիւններուն, առանցքը՝ ի՛նքն է, որ կը վտանգուի որպէս կենսական ամբողջութիւն։
Հաստատուած իրողութիւն է, որ Էրտողանի «նոր օսմանականութիւն»ը լայնօրէն կը հանգչի տարածաշրջանի ներքին հակասութիւնները հրահրելու եւ փխրուն հաւասարակշռութիւնները խախտելու թուրք պետութեան հետեւողական քաղաքականութեան վրայ, որ այժմ բացառիկ ուժգնութեամբ ցոլացում կը գտնէ ներկայ պատերազմի քաղաքական կնճիռներուն մէջ։
Սկզբունքով, Ռուսաստան եւ Իրան Կասպեան տարածաշրջանի մեր բնական դաշնակիցներն են եւ իրենց ազգային գերագոյն շահերէն ելլելով պէտք էր, որ ցարդ «սոթթած» ըլլային իրենց թեզանիքները եւ խիզախօրէն զօրավիգ կանգնած՝ Հայաստանի եւ Արցախի ռազմական գործողութիւններուն։ Պէտք էր, որ հարցը իրե՛նցը ըրած ըլլային առանց «հրաւէր»ի սպասելու, որպէսզի արագօրէն խափանուէր թուրքեւազրպէյճանական նախայարձակումը, որ ստոյգ եւ անվիճելի սպառնալիք մըն է նաեւ իրենց կենսական շահերուն։ Փաստը այն է, որ այդ բանը տեղի չունեցաւ եւ հարց է, թէ ինչո՞ւ տեղի չունեցաւ։ Ինչո՞ւ առճակատման դաշտը լայնօրէն բաց ձգուեցաւ թուրքեւազրպէյճանական ոճրային արկածախնդրութեան առջեւ։
Նորութիւն չէ, որ Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան երկու հզօր զէնքերն են փանթուրքիզմն ու փանիսլամիզմը։ Այս զէնքերը կատարելագործուած են թուրք պետութեան կայսերական զինարաններուն մէջ դարերու ընթացքին եւ բազմաթիւ սերունդներու հետեւողական յարձակապաշտութեամբ։ Թուրքիան դիմած է ամէն մեքենայութեան, որպէսզի կարողանայ իսլամական աշխարհին կողմէ ընդունուիլ որպէս առաջնորդող
ուժը սիւննի իսլամականութեան գրգռելով այս վերջինի ամենէն մութ բնազդները եւ շարունակաբար բեւեռացնելով զայն ընդդէմ Արեւմուտքին, ընդդէմ Ռուսաստանի, ընդդէմ քրիստոնեայ աշխարհին։ Թուրքիան նաեւ կեդրոնական օճախն է ու առաջնորդը՝ համաթրքական «շարժման», որ կը գործէ իր կայսերական ազդեցութիւնը տարածելու յստակ մտասեւեռումով Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ կոյս տարածութիւններէն ներս։
Երկու օր առաջ հրապարակուած Նախագահ Փութինի տատամսոտ արտայայտութիւնները ներկայ պատերազմի մասին լիովին բարացուցական են։ Ինքնավստահութեան մարմնացում հանդիսացող Ռուսաստանի առաջնորդը երբեք այսքան անօգնական դիրքի մէջ չէր յայտնուած համաշխարհային եթերի կայաններէն։ Երբեք չէր խօսած կարեկցող «փիլիսոփայ»ի տխրամած հոգեվիճակով…Եւ անշուշտ՝ անխուսափելի հարցո՛ւմը՝ «Արդեօ՞ք այս այն երկիրն է եւ այն երկրի նախագահը՝ որ ենթադրաբար պիտի գործէր ղեկավար ուժի վճռական դիրքերէն այն իսկ տարածաշրջանին մէջ՝ ուր իր խօսքը պիտի ունենար առնուազն օրէնքի ուժ…» Պատասխա՛ն՝ «Այո, այս այն երկիրն է եւ այն երկրի նախագահը՝ որ այսօր հարկադրուած է շատ մեծ նրբամտութեամբ կառավարելու Ռուսական Դաշնութեան ներքին հաւասարակշռութիւնները եւ յատկապէս ռուս մեծ պետութեան ներքին իսլամական գործօնը…» Պիտի ընդունինք, որ առիւծի՛ն ալ ձեռքերը ի վերջոյ կապուած են, երբ հարցը կը վերաբերի Կովկասի քաոսը կառավարելու գործին…
Փաստը այն է, որ Թուրքիա իր փանիսլամական խաղաքարտով տեւաբար անապահովութիւն կը ներշնչէ այսօր ռուս մեծապետական իշխանութեան։ Ան կրցած է Արցախեան ներկայ պատերազմը գունաւորել որպէս «ճիհատ», այսինքն՝ որպէս սրբազան պատերազմ մահմետականներո՛ւ եւ յաջողած կը թուի ըլլալ պաշտպանողականի վրայ դնել Մոսկուան։ Փութին լուրջ երկընտրանքի մէջ կը գտնուի Արցախի պատերազմով։ Ան չ՚ուզեր ռիսք առնել Արցախի սիրոյն, թէկուզ ժամանակաւորապէս վտանգելով Ռուսաստանի հեռահար շահերը Կովկասի մէջ…Յայտնուիլ հայկական ուժի կողքին ռազմական եւ այլ նախաձեռնութիւններով կը նշանակէ մաս կազմել «Խաչակրաց արշաւանքին»…որմէ ամէն կերպ խուսափելու պատճառ ունի այսօր Մոսկուան իրերու վերեւ յիշուած տրամաբանութեամբ։
Անշուշտ իսլամական գործօնը միակ ազդակը չէ ռուսական վերապահութիւնը խթանող։ Օրին, Մոսկուան «ըմբռնումով» վերաբերուեցաւ Բաքու-Թբիլիսի- Ճէյհան նաւթամուղի կառուցման գործին թոյլ տալով, որ ան իրականութիւն դառնայ Արեւմտեան գործընկերութեամբ եւ ֆինանսաւորումով։ Մոսկուա իր ախորժակները վերապահեց Ազրպէյճանական քարիւղէն գալիք եկամուտներո՛ւն…Ալիեւներու ռազմամոլութիւնը հրաշալի սնընդաղբիւր մը եղաւ Ռուսաստանի ռազմական ճարտարարուեստին համար։ Ռուսական զէնքի
անկուշտ յաճախորդը՝ Ալիեւ շատ ամուր եւ փոխ-շահաւէտ յարաբերութիւններ կրցաւ դարբնել Մոսկուայի պետական համակարգին հետ շնորհիւ սպարազինման տրամադրուած իր անյատակ պիւտճէներուն։ Ազրպէյճանի ռազմական գնումներուն միջոցով, ռուս պետական գանձարանը ինքնաբերաբար դարձաւ ազրպէյճանական քարիւղի էական «համատէր»ը։ Նոյնիսկ սպրդասացութիւններ շրջան ըրին զէնքի այս առեւտուրէն բաժին ստացող օֆշորային այլեւայլ հաշիւներու մասին մատնացոյց ընելով ռուսական օլիգարխիան իր սադայէլական առընչութիւններով։
Իրականութիւնը այն է, որ այս ծաւալուն յարաբերութիւնը Մոսկուայի եւ Բաքուի միջեւ որակական մեծ տարբերութիւն մը ստեղծեց եւ այդ տարբերութիւնն է, որ ի վերջոյ սահմանեց մեր եւ Ազրպէյճանի միջեւ Մոսկուայի իրական շահագրգռութիւնները։ Ճիշտ է, որ Մոսկուա չզլացաւ իր ռազմանիւթային հայթայթումները նաեւ Հայաստանին։ Ներկայ պատերազմը, սակայն, կը հանդիսանայ «թթու փորձ»ի (acid test) փորձագետինը այս մարզին մէջ։ Մեր եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսաստանի համեմատական շահագրգռութեան իսկական ցուցանիշն է ան վերոյիշեալ տարբերութեան առկայութիւնը լայնօրէն հաստատող։ Փաստացի տուեալները մեր հասողութեան մէջ չեն այս քննարկումը լիարժէքօրէն ընել կարենալու համար։ Պէտք է ակնկալել, որ հայկական զինուժի ռազմագէտները՝ իրե՛նք մօտէն կը հետեւին այս իրականութեան եւ կ՚առնեն անհրաժեշտ քայլերը ռազմանիւթի այս ճակատագրական բացերը դարմանելու համար։ Մենք կ՚ուզենք պարզապէս դիտել տալ, որ այս բացերը պատահական չեն։ Անոնք ծնունդն են Ռուսաստանի ճակատագրական երկընտրանքին։
Երկընտրանքը նոյնքան սուր կը թուի ըլլալ Իրանի՛ պետական ներքին ոլորտին մէջ։ Իրանեան հանճարը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ երկրի ղեկավար դասը կրցած է միշտ յաջողապէս եւ անշշուկ կառավարել Իրանի բազմազգ խճանկարը յենուելով շիի իսլամութեան առաջնորդի կարեւոր հանգամանքին։
Իրանի աքիլլէսեան կրունկը, սակայն, Իրանի Ատրպատական նահանգն է իր ազերի բնակչութեամբ։ Նահանգը բաժնուած է Ազրպէյճանէն Արաքս գետի հարաւային հոսանքով։ Ան սահմանակից է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն, որոնք կը բաժնեն Ազրպէյճանը Նախիջեւանէն։ Միւս կարեւոր հանգամանքը այն է, որ Իրանի տարածքը ամբողջութեամբ կը գրկէ Նախիջեւանը ութ քիլոմեթրի նեղանցք մը միայն զիջելով Թուրքիոյ…Նահանգին արեւմտեան սահմանագիծը թուրք-իրանեան սահմանն է, որ կ՚անցնի Արեւմտեան Հայաստանի հողերէն։ Յիշենք նաեւ, որ թրքական այդ նեղանցքը Թուրքիան կը պարտի բոլշեւիկեան Ռուսաստանին։ Քեմալական Թուրքիոյ պնդումներով, այդ շինծու բացուածքը կարելի դարձաւ 1921 թուի Մոսկուայի Դաշնագրով. բա՛ն մը՝ որուն իր հաւանութիւնը տալու պարտադրուեցաւ նաեւ Իրան։ Այդ նեղ բացուածքէն է, որ Թուրքիա իր հրասայլերն ու հրետանին կը
մտցնէ Նախիջեւան եւ առատ ռազմանիւթով կը պարենաւորէ Նախիջեւանի ճակատը։
Աւելի կարեւոր հանգամանքը այն է, որ Իրանի ազերի բնակչութիւնը — եւ Ազրպէյճանի բնակչութիւնը ընդհանրապէ՛ս – կը պատկանի շիի իսլամութեան, որուն հոգեւոր ու քաղաքական սանձերը կը գտնուին Իրանի ձեռքին…Մինչ Ազրպէյճանի բռնատիրական իշխանութիւնը իր քաղաքականութեամբ սերտօրէն կապուած է Թուրքիոյ, ազերի ժողովուրդի հոգեւոր արմատները կը գտնուին Իրանի մէջ։ Եւ այս երկուութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի Կովկասեան քաղաքական ռազմաբեմին վրայ Իրանի յարաբերութիւններու բնոյթը հասկնալու տեսակէտէն։
Անցնող բազմաթիւ տարիներու ընթացքին, Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի կողմէ փորձեր եղան Ատրպատականի ազերի բնակչութիւնը ոտքի հանելու եւ շրջանը խռովութեան բոյնի վերածելու՝ իրանեան սպառնալիքը հակակշռելու յստակ միտումով։ Իրան յաջողեցաւ նմանօրինակ փորձերը ցարդ շրջափակել եւ մեկուսացնել։ Եւ սակայն խափանարարական աշխատանքը կը շարունակուի Իսրայէլի հետախուզական կառոյցներուն կողմէ, որոնք ամրացած են Բաքուի մէջ…Պէտք է ենթադրել, որ Իրան, իր կարգին, յոյսեր ունէր Ատրպատականի ազերի հաւաքականութեան միջոցով իր քարոզչութիւնը տարածելու Ազրպէյճանի ժողովրդական զանգուածներէն ներս։ Այդ ճիգն ալ կը շարունակուի զանազան դրսեւորումներով։ Եւ սակայն Ատրպատականի քաղաքական տարածքը հետզհետէ աւելի ականապատուած կը թուի ըլլալ։ Յստակ է, որ Բաքու եւ Անքարա իրենց փանթուրքիստական քարոզչութեան բեւեռ ընտրած են Ատրպատականը իրենց դաշնակից ունենալով Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի հետախուզական ծառայութիւնները։ Թեհրան արդէն իսկ կը տեսնէ այս բոլորին քաղաքական հետեւանքները իր իսկ քաղաքական խաղադաշտէն ներս։ Իրանի ազերի համայնքը, որ Իրանի բնակչութեան առնուազն 16%-ը կը ներկայացնէ, նոր վերածնունդի մը մէջ կը գտնուի այս օրերուն…Իսլամական Հանրապետեան ղեկավարները, ներկայ պատերազմի վերաբերմամբ, հարկադրաբար ընտրած են զգուշաւորութեան ուղին քաջ գիտակցելով հանդերձ Իրանի հեռահար շահերուն, որոնցմով իրենք կապուած են Հիւսիս- Հարաւ Առանցքին եւ հետեւաբար՝ Հայաստանին ու Արցախին…
Այս բոլորէն կը հետեւի այն, որ Թուրքիա կարեւոր թափանցում մը իրագործած է Կովկասի աշխարհաքաղաքական շահերու հիւսուածքէն ներս։ Պատերազմը, որ տեղի կ՚ունենայ ազրպէյճանական քարիւղի անսպառ թուող պիւտճէներով, Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ տարածաշրջանային տարողութիւն ունեցող ծաւալապաշտ գործարքի մը մէկ օղակն է միայն։ Ցարդ Հայաստանն ու Արցախը իրենց վտիտ հողատարածութեամբ անքակտելի — եւ բանալի՛ — մասն էին Հիւսիս-Հարաւ Առանցքին, որուն շարժիչ ուժերն էին Ռուսաստանն ու Իրանը։ Որքան ատեն որ այս վերջինները ուժականութիւն կը հաղորդէին
Առանցքին, Հայաստանն ու Արցախը արդիւնաւորապէս կ՚ըզգետնէին թշնամիին ոտնձգութիւնները։ Կ՚ըզգետնէին առանց ներկայ աւերածութեան եւ թանկագին զոհերուն։ Այն դերակատարութիւնը, որ բնականաբար վիճակուած էր մեր երկու հանրապետութիւններուն, մերն էր եւ մեր բռունցքը երբեք չընկրկեցաւ Առանցքի իրենց հատուածին մէջ։ Մերկ իրականութիւնը, սակայն, այն է, որ այսօր մենք ենք միայն առանցքը ոտքի պահող։ Մենք ենք, որ մեր սակաւ ուժերով — եւ առանձի՛նն – կը փրկենք Մոսկուայի եւ Թեհրանի կաշին…Առանցքը անդամալուծուած է։ Մոսկուան եւ Թեհրանը պարպած են ռազմադաշտը։ Աւելի վա՛տ։ Անոնք պահուըտած են հայ զինուորի ետին։
Կը խոուսափիմ մանրամասնութիւններէ զանոնք թողնելով մեր ռազմագէտներու դատողութեան։ Որոշած ենք չխօսիլ, որքան ատեն որ պատերազմը կը շարունակուի։ Բայց ընդունինք, որ ճակատագրական բացեր կան Առանցքի երկայնքին եւ մեր հանրութեան արդար ակնկալութիւնն է, որ մեր ռազմական եւ քաղաքական պատասխանատուները ընդփոյթ զբաղուին այդ բացերով։
Այնուամենայնիւ կարելի չէ չբարձրաձայնել Մոսկուայի, Թեհրանի եւ, անշուշտ, Արեւմուտքի յանցաւոր անգործութեան մասին։ Մեր բանակը հրաշքներ կը գործէ բոլոր ճակատներուն վրայ, բայց հակառակ մեր զինուժի փայլուն գործողութիւններուն մեր երկիրը ամէն օր աւելի կը վերածուի փլատակի։ Ռուսաստանն ու Իրանը մեծ սխալ մը կը գործեն դիտորդի ողորմելի դիրքերէն խօսելով եւ փուճ յորդորներ միայն առատաբաշխելով։ Չմոռնանք, որ այս հրէշը սպարազինողը Ռուսաստանն էր եւ՝ վերջերս կ՚իմանանք՝ նաեւ Իրա՛նը։ Ու չմոռնանք, որ մեր ժողովուրդը իր ամենէն պայծառ զաւակներով պաշտպանած է Ռուսաստանն ու Իրանը, երբ պատերազմի մէջ էին իրենք։ Այսօր եւս Արցախի ճակատներուն վրայ մենք կը կռուինք նաեւ իրե՛նց զաւակներու ապագային համար։ Նախանձախնդրօրէն տէր կանգնիլ Հիւսիս-Հարաւ Առանցքին՝ նա՛եւ Մոսկուայի եւ Թեհրանի առաքելութիւնն է եւ պարտաւորութիւնը։ Փախուստ տալ այդ պարտաւորութենէն կրնայ միայն արագացնել մեր հաւաքական պարտութիւնը թուրքեւազրպէյճանական ֆաշիզմին դիմաց։
Կը կրկնե՛մ։ Թուրքեւազրպէյճանական նախայարձակումը (aggression, ագրեսիա), ըստ էութեան, ուղղուած է Հիւսիս-Հարաւ Առանցքին դէմ, որուն երեւելի ճակատն է միայն Արցախը եւ անշուշտ՝ Հայաստանը։ Եթէ հայկական կողմը չկարողանայ իր ուժերով տոկալ իրեն ուղղուած կայսերական գերազանց գրոհին եւ եթէ մեր հասարակաց թշնամին կարողանայ բանալ իր ճանապարհը դէպի Նախիջեւան, ոչ միայն մենք, այլեւ ամբողջ Հիւսիս-Հարաւ Առանցքն է, որ փուլ պիտի գայ սկիզբ դնելով Ռուսական Դաշնութեան եւ Իրանի աստիճանական անդամահատման գործընթացին։
Այսօր կենսական անհրաժեշտութիւն է, որ Առանցքի պետութիւնները եւ յատկապէս Ռուսաստանը վերադառանան զգաստ եւ հեռատես քաղաքականութեան, որ կը բխի բոլորին հեռահար շահերէն։ Թուրքիան կառչած է իր ցեղասպանական եւ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան յաջորդ հարիւր տարուան իր հարցերը լուծելու վճռակամութեամբ։ Թուրքիան ամբողջ տարածաշրջանին ճակատագիրն է, որ կը ճշտէ իր յարձակողական քաղաքականութեամբ։ Մոսկուա եւ Թեհրան իրենց ներկայ կրաւորականութեամբ պիտի շարունակե՞ն գործնականօրէն մեղսակցիլ Թուրքիոյ, թէ պիտի վերըստանձնեն ղեկավարի իրենց լրացուցիչ դիրքերը տարածաշրջանին մէջ…Հիմա է վայրկեանը այս հրէշը իր որջին մէջ խեղդելու։
Կարօ Արմենեան