Հայ Մամուլի Համահայկական համաժողովը եզրափակեց իր եռօրեայ աշխատանքները

Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարը իր աշխատանքները շարունակեց 3 Յուլիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Համագումարի Ե. նիստին նիւթն էր «Տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ լրատուութեան հաւաստիութիւնը»։ Նիստին ատենապետն Արա Պուլուզեան հակիրճ տողերով ներկայացուց նիւթը ու դիտել տուաւ, թէ տեղեկատուութիւնը զէնք է, որ կարելի է օգտագործել քաղաքական, ազգային եւ տարբեր նպատակներով եւս՝ միշտ յարգելով կարմիր գիծերը, որոնց շրջանցումը նոր վտանգներու դէմ յանդիման կրնայ դնել մեզ։ Առաջին զեկուցաբերը՝ Նորեկ Գասպարեանը ներկայացուց «Սեփական ստորագրութեան հաւաստիութիւնը» նիւթը։ Գասպարեան շեշտը դրաւ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին լրագրութեան ասպարէզին մէջ գործողներուն զգօնութեան, միասնականութեան եւ շինիչ դերակատարութեան վրայ՝ հաստատելով, որ անոնք փաստեցին, թէ խօսքը զէնքի ուժգնութիւն ունի, ուստի պէտք է լաւապէս տիրապետել անոր, գիտակցիլ, որ այլապէս անիկա կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ։ Երկրորդ զեկուցաբեր Ար­տակ Ալեքսանեան անդրադարձաւ «Տեղեկատուութեան անվտան­գութիւններու լրատուութեան հաւաստիութիւնը հեռարձակուող մամուլին մէջ» նիւթին։ Ալեքսանեան շեշտեց, որ պէտք է միշտ գիտակցիլ, որ թշնամին կը հետեւի մեզ, ուստի զգոյշ պէտք է ըլլալ։ Արա Գոչունեան յաջորդ զեկուցաբերն էր, որ ներկայացուց «Հայ մամուլը որպէս աշխարհատարած ցանց» նիւթը՝ շեշտելով, թէ այսօր, աշխարհով մէկ սփռուած ըլլալով, իւրաքանչիւրը ունի իր աշխատելադաշտը, սակայն անհրաժեշտ նկատեց տարբեր որակի ու մակարդակի ցանցի ստեղծման աշխատանքի լծուիլ։ Այս ծիրին մէջ, ան ըսաւ, որ միասնաբար պէտք է գործենք մարդուժի պատրաստութեան, գովազդներու ապահովման, լեզուի պահպանման ուղղութեամբ՝ արեւմտահայերէնի ճակատագիրին տէրը միայն Սփիւռքը չնկատելով։ Ե. նիստի վերջին զեկուցաբերը՝ Թա­թուլ Յակոբեանը անդրադարձաւ «Արցախին մէջ հող յանձնելու թեման հայկական լրատուամիջոցներու մէջ» նիւթին, որ, ըստ անոր, յաճախ օգտագործուած է անհարկի ատելութիւն սերմանելու այս կամ այն ղեկավարին դէմ, զայն քննադատելու եւ անոր դէմ անվստահութիւն ստեղծելու։ Ան շեշտեց, որ Արցախի հողային զիջումներու լուրերուն վերաբերող մամլոյ հաղորդագրութիւններուն մէջ կան իրականն ու ոչ իրականը, սակայն այս բոլորին մեկնաբանման ձեւերն ու լուրի փոխանցման ոճերը կը տարբերին՝ իւրաքանչիւր թերթի որդեգրած քաղաքականութենէն մեկնած։   Վերջապէս, ան դիտել տուաւ, որ այս մթնոլորտը ներհայկական տիրոյթին մէջ բանավէճի եւ կառուցողական բանավէճի առիթ չի ձգեր։

Կարճ դադարէ ետք ժողովը սկսաւ իր Զ. նիստին՝ «Համահայկական խնդիրներ եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորում» նիւթով՝ Սեւակ Յակոբեանի ատենապետութեամբ։ Ան խօսեցաւ արտաքին եւ ներքին ճակատի վրայ հայաստանեան եւ սփիւռքահայ լրատուամիջոցներուն ունեցած դերակատարութեան՝ շեշտելով, որ մանրամասնութիւններով զբաղելու եւ անոնցմով տարուելու փոխարէն, պէտք է թափանցել խորքային հարցերուն էութեան մէջ եւ ըստ այնմ աշխատանքի լծուիլ՝ միասնաբար, համակարգուած կերպով։

Աննա Կարապետեան լուսարձակի տակ առաւ «Համացանցային կայքէջեր եւ մամուլի խնդիրներ»ը՝ յայտնելով, որ լրատուական միջոցներու տեղեկատուութիւնը ունի երեք բաժին՝ հայերէնով լուրեր, օտար լեզուով լուրեր, որոնք կʼընթերցուին հայերէն չգիտցող հայերուն կողմէ, նաեւ օտար լեզուով հայկական լուրեր, որոնց թիրախը օտար հանրային կարծիքն է ու անդրադարձաւ լրատուական դաշտերուն մէջ թշնամիին մեզի դէմ կազմակերպուած եւ հետեւողական աշխատանքին։ Յաջորդ զեկուցաբերը՝ Ար­­տաշէս Շահպազեանը խօսեցաւ «Միասնական հայ մամուլը համահայկական խնդիրների հետա­պնդման ճակատում» նիւթին մասին։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան փարոսը պէտք է իր դերը ունենայ նաեւ հայկական լրատուադաշտին մէջ՝ նշելով, թէ ատիկա կարելի է, իսկ փաստը՝ Սուրիոյ պատերազմական վիճակին մէջ գտնուող հայութեան ապրած վիճակին, Քեսապի գրաւումին արձագանգելու ատեն որդեգրուած համահայկական ուղեգիծն էր, որ իր շինիչ դերակատարութիւնը ունեցաւ նաեւ արտաքին աշխարհին վրայ ազդելու առումով։ Այս նիստին վերջին զեկուցաբերը՝ Ռոպէր Աթթարեանը լուսարձակի տակ առաւ «Հանրային կարծիքի ձեւաւորումը եկեղեցական միջավայրէն ներս. փորձեր եւ ձեռքբերումներ» նիւթը եւ ներկայացուց Իտալիոյ մէջ իրենց կողմէ կատարուած ու յաջողած նախաձեռնութիւնը, որ կը միտէր եկեղեցւոյ ճամբով հասնիլ հանրային կարծիքին։ Ըստ անոր, հայութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իտալացիները իրազեկ դարձնելու առաջադրանքով դիմում կատարուած է իտալական հոգեւոր կառոյցներուն՝ խնդրելով, որ 24 Ապրիլի մօտակայ Կիրակի օրը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչուի, որ դուռ բացաւ թերթերուն կողմէ այս մասին արձագանգելու։

Ճաշի դադարէն ետք հայ մամուլի նուիրուած համահայկական համագումարը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն` իբրեւ նիւթ ունենալով «Հայ մամուլի դերը հայ ինքնութեան պահպանման մէջ – լեզու եւ մշակոյթ», իսկ ատենապետն էր Անի Եփրեմեան։ Ան յայտնեց, որ հայ կեանքի հայելին է հայ մամուլը, մեր հաւաքական խիղճին ձայնը, նաեւ յուսատու փարոսը, որ պէտք է դէպի ապահով եւ առողջ ափ առաջնորդէ ժողովուրդը։ Առաջին զեկուցաբերն էր Հրաչ Սեփեթճեան, իսկ նիւթը՝ «Արեւմտահայերէնի խնդիրները եւ այսօրուան հայ մամուլը»։ Ան դիտել տուաւ, որ արեւմտահայերէնին ապրուստի միջավայրերն են տունը, դպրոցը, եկեղեցին եւ մամուլը՝ նշելով, թէ այսօր որոշ նահանջ կայ ամէնուրեք, թէեւ տարածաշրջանի համաձայն այդ անկումի մակարդակը կը տարբերի՝ նշելով, որ սփիւռքահայ մամուլին պարագան տարբեր է, որովհետեւ իր ոտքին տակ չունի հայրենի հողը եւ պետութիւն մը։ Սէփէթճեան յայտնեց, որ լեզուն պէտք է հարստացնել, ուստի ան առաջարկեց ստեղծել համակարգող եւ մնայուն յանձնախումբ մը, որ այս առնչութեամբ աշխատանք տանի, նկատի ունենալով սերնդափոխութիւնը եւ քայլ պահելով նորօրեայ զարգացումներուն հետ։ Յակոբ Պալեանի նիւթն էր «Հայ մամուլը (հայաբարբառ եւ օտա­րաբարբառ) յանձնառու ինքնութեան պատ­ուանդան»։ Ան ըսաւ, որ ինքնութեան պահպանման համար գրաւոր եւ մնայուն մամուլը կարեւոր է՝ անդրադառնալով ընդհանրապէս մամուլին եւ լրագրողի կերպարին։ Պալեան շեշտը դրաւ յատկապէս հայ մամուլին վրայ՝ ընդգծելով, որ ան պէտք է պահպանէ առարկայականութիւնն ու բարոյական ըմբռնումը, մանաւանդ որ ունի ընկերաքաղաքական կարեւոր դեր, կը հանդիսանայ ինքնութեան, մշակոյթի ու լեզուի պահպանման կռուան։ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան ներկայացուց «Եկեղեցական մամուլի ի սպաս հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման» նիւթը։ Ան դիտել տուաւ, որ առողջ ժողովուրդ կը նշանակէ առողջ ոգի, առողջ միտք, ինչպէս նաեւ առողջ վարք ու լեզու, որոնք կ՚ապահովեն առողջ ապագայ, իսկ հոգեւոր գրականութիւնը չի սահմանափակուիր Աստուածաշունչի եւ Աւետարանի դասերէն կամ սուրբերու կեանքէն օրինակներ քաղելով, այլ հոն կը թարգմանուի Աւետարանի ոգին, որ ուղղակի ու անուղղակի կերպով ենթահող կը հանդիսանայ հայ մարդակերտումին։  Է. նիստի վերջին զեկուցաբեր Աւե­տիս Փօշողլեան անդրադարձաւ «Մամուլը, լեզուն եւ մշակոյթը» նիւթին։ Ան հաստատեց, որ մամուլը, լեզուն եւ մշակոյթը անքակտելի են՝ յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով մամուլին դերակատարութիւնը մայրենիին եւ մշակութային արժէքներու պահպանման մէջ։ Ապա, անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այսօր մամուլի լեզուն երկընտրանքի առջեւ է՝ կա՛մ բարձրորակ լեզու, որ կրնայ մատչելի չըլլալ նոր սերունդին, եւ անորակ, պարզունակ լեզու, որ ընդունելի կրնայ չըլլալ ընթերցողներու զանգուածին կողմէ, ու շեշտեց, որ մամուլը առաքելութիւն է լեզուին եւ մշակոյթին նկատմամբ։

Երկրորդ օրուան վերջին նիստին նիւթն էր «Հայ մամուլն ու բազմակարծութեան կարեւորութիւնը – խօսքի ազատութեան խնդիրներ», ատենապետը՝ Դաւիթ Յակոբեան։ Ան յայտնեց, որ իբրեւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդ, որ կ՚ապրի տարբեր երկիրներու մէջ, հայկական մամուլը եւս ունի տուեալ երկրին համապատասխան պայմանները, պահանջները, առաջադրանքները, պատասխանատուութիւնները, իսկ Հայաստանի մէջ միշտ ալ մամուլի ազատութիւն գոյութիւն ունեցած է։ Առաջին զեկուցաբերն էր Արմինէ Օհանեան «Խօսքի ազատութեան կայացման 30-ամեայ ուղին. հանրային աջակցութիւն եւ իշխանութեան դիմադրութիւն» նիւթով։ Ան ըսաւ, որ 30 տարուան ուղին բաւական բարդ եղած է, սակայն միշտ ալ կարելի եղած է տարբեր ձեւերով լուծումներ գտնել։ Օհանեան խօսեցաւ հիմնական երեք ժամանակաշրջաններու մասին՝ Խորհրդային տարիներ, երբ անազատութեան եւ վախի մթնոլորտ կը տիրէր, 1991-էն ետք, երբ ազատութեան գինն ու արժէքը գիտցան ո՛չ միայն լրագրողները, այլ նաեւ ժողովուրդը, եւ վերջին տարիներուն։ Զարմիկ Պօղիկեան խօսեցաւ «Ազատ խօսքի ընկալման հարցեր»ուն մասին՝ նախ անդրադառնալով սփիւռքահայ մամուլի յառաջացման ու զարգացման տուն տուած պատճառներուն, անցած ուղիին։ Ան նշեց, թէ սփիւռքահայ մամուլը միշտ ալ ունեցած է ազատ խօսելու եւ գործելու տարածք՝ նպատակ ունենալով քննական միտք պատրաստել, մշակոյթ ու լեզու պահպանել ու տարածել։ Ապա անդրադարձաւ ազատ խօսքի ընկալման տարբեր երեսներու, քննադատելու եւ քննադատութիւն ընդունելու երեւոյթներուն։ Եր­ուանդ Ազատեանի նիւթն էր «Նշումներ սփիւռքահայ մամուլին մասին»։ Ան ըսաւ, որ մամուլին դերը միայն իրադարձութիւններուն մասին իրազեկել չէ, այլ անկէ անդին է, համախմբել է ընթերցողը հաւաքական որոշ նպատակներու շուրջ, մղիչ ոյժ հանդիսանալ եւ հայութեան ձգտումներուն ծանօթացնել։ Ապա սփիւռքահայ մամուլին մասին մանրամասն տուեալներ փոխանցեց՝ զայն բաժնելով երկու գլխաւոր  խումբերու. կուսակցական մամուլ եւ անկախ-այլընտրանքային։

Նշենք, որ իւրքանչիւր նիստի կը յաջորդէին լայն քննարկումներ։

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առած Հայ Մամուլի Համահայկական համաժողովը եզրափակեց իր եռօրեայ աշխատանքները։

Նախքան Եզրափակման նիստը, Համաժողովը կայացուց իր վերջին նիստը՝ «Հայ մամուլը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը» թեմայով։ Առաջին հերթին, նիստի ատենապետ Սեդա Խտըշեան ըսաւ, որ պահանջատիրութեան բաղադրիչներն են հայ ազգային քաղաքական տարրը եւ հայ ժողովուրդի պատմական հողային տարածքը, որ հիմքն է ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի, իսկ ասոր մէջ իր դերը ունի հայ մամուլը։ Ապա, համապարփակ կերպով ներկայացուց արդի պատմութեան քաղաքական իրավիճակներու ազդեցութիւնը մամուլին վրայ ու նշեց, որ հարկ է անցեալի սխալները չկրկնել եւ ասոր մէջ  հայ մամուլը մեծ դեր ունի զգաստութեան հրաւիրելու հանրութիւնը։

Առաջին զեկուցաբեր Յակոբ Ասատրեան ներկայացուց «Հայ մամուլի մարտահրաւէրները սփիւռքահայ մամուլի հիմնադրամի անհրաժեշտութիւնը» նիւթը։ Ներկայացնելէ ետք Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլի խմբագիրներու կարծիքները հայ մամուլի մասին, որ տասը տարի առաջ լոյս տեսած էր «Օրեր» ամսագրին մէջ, դիտել տուաւ, որ մտահոգութիւնները մնացած են նոյնը, աւելցնելով, որ հայրենիքի մէջ տարբեր մարտահրաւէրներ կան, իսկ Սփիւռքի մարտահրաւէրները տարբեր են։ Առ այդ, ան առաջարկեց հիմնադրամ մը ստեղծել հայ մամուլի գոյատեւման համար։ Երկրորդ զեկուցաբեր Արամ Շահնազարեան զեկուցեց «Հայ մամուլին դերը պահանջատիրական պայքարի նպատակներու սահմանման, յստակեցման եւ հանրահռչակման գործին մէջ» նիւթը։ Ան դիտել տուաւ, որ ընդհանրապէս հայ դատի պայքարի եւ պահանջատիրութեան ընկալման ոչ-ճշգրիտ կամ ոչ-ամբողջական մօտեցում գոյութիւն ունի ու շեշտը դրաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պահանջատիրական պայքարի ընկալման տարբերութիւններուն վրայ։ Շահնազարեան մամուլը շատ յարմար ու օգտակար հարթակ նկատեց հայկական պահանջատիրութեան թղթածրարի մանրամասն յստակեցում ու ուղղութիւն տալու եւ երկխօսութեան թատերաբեմ ըլլալու գծով՝ հասարակական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ։ Երրորդ զեկուցաբեր Նազարէթ Պէրպէրեան խօսեցաւ ««Ազդակ»-ի ներդրումը «Հայկական պահանջատիրութեան» յղացքի տարազումին եւ գաղափարական հունաւորման մէջ» նիւթը։ Ան հաստատեց, որ հայ մամուլը յառաջամարտիկը հանդիսացած է հայ ազգային պահանջատիրութեան, որուն մէջ լիբանանահայ մամուլը ընդհանրապէս վճռորոշ դեր ունեցաւ հայ դատի հետապնդման  յաղթարշաւը սկսելու, վերանորոգելու եւ մարտունակ պահանջատիրութեամբ յառաջ մղելու զարթօնքին մէջ։ Ապա, ան լուսարձակի տակ առաւ «Ազդակ»-ի դերակատարութիւնը՝ մանրամասն անդրադառնալով ճակատագրական տարբեր ժամանակներու թերթին կատարած նախաձեռնութիւններուն, որոնք ծառայեցին ժողովուրդը իր պահանջատիրութեան մէջ սուգէն եւ փակ սրահներէն դէպի փողոց ու միջազգային ասպարէզ տանելու եւ հայ դատի քարոզչութիւն կատարելու։

Համագումարը իր աշխատանքները փակեց եզրափակիչ նիստով, ուր մասնակիցները ներկայացուցին իրենց առաջարկները։

Համագումարը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետին եզրափակիչ խօսքով։ Գնահատելէ ետք համագումարին թէ՛ նախապատրաստական եւ թէ ընթացիկ աշխատանքները, Հայրապետը ըսաւ, որ մամուլը նուիրուական արժէք է եւ համագումարին ընթացքին արծարծուած նիւթերը, որոնք բազմազան ու այլազան, այժմէական ու հրատապ էին, պէտք է իրենց շարունակութիւնը ունենան համագումարէն անդին, տարբեր միջոցներով։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի զանազան շրջանակները ներկայացնող մամլոյ մշակներուն միատեղ ներկայութիւնը, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն է ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերը միասնաբար արծարծելու։ Ան խօսեցաւ համագումարին ընթացքին տարակարծութիւններու եւ տարբեր մօտեցումներու առողջ ձեւով քննարկման, որոնք արգելք չհանդիսացան հասարակաց մտահոգութեանց բարձրացման եւ լուծումներու առաջարկութեանց։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ հայ մամուլը սովորական լրատուական եւ տեղեկատուական միջոց չէ, այլ անոր առաքելութիւնը համահայկական արժէք կը ներկայացնէ, իսկ այդ մէկը կարիք ունի ազատութեան, որուն մասին բազմիցս անդրադարձ կատարուեցաւ համագումարին ընթացքին, ըսաւ ան։ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ համագումարին ընթացքին բարձրացած շարք մը այլ խնդիրներու, ինչպէս մամուլի որակի բարձրացման, մարդուժի, լեզուի, համահայկական հարթակ մը ստեղծելուն եւ համագործակցութեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ մամուլը հսկայ ներուժ է, եւ հարկ է հմուտ ըլլալ կառուցողական նպատակներ նուաճելու համար անոր օգտագործման մէջ, ու իր նշումները եզրափակեց ըսելով, որ համազգային արժէքներն ու ձգտումները պէտք է դառնան մեր միակամութեան առանցքը եւ հզօրութեան աղբիւրը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.