Հայ երիտասարդներ Վանգուվըրի մէջ պահանջատիրական երթ կազմակերպեցին
Ապրիլ 24-ին, Վանգուվըրի ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ կայացաւ բողոքի հաւաք Ռոպսըն հրապարակին վրայ։ ԳԵՄ-ի անդամները Թուրքիոյ պետութեան ուրացման քաղաքականութիւնը դատապարտող պաստառներ բարձրացուցին եւ պահանջատիրութեան իրենց խօսքը բարձրախօսով սփռեցին։
Կիրակի, 23 Ապրիլ 2017-ին, ողջ վանգուվըրահայութիւնը հաւաքուած էր Վանգուվըրի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի կողքին գտնուող «Mountain View» գերեզմանատան դահլիճին մէջ, ոգեկոչելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն սրբադասուած զոհերուն յիշատակը, կազմակերպութեամբ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Հայկական Միացեալ յանձնախումբին:
Միասնական պատարագ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներուն կողմէ, պատարագիչ ունենալով Հայր Հրանդ Վարդապետ Թահանեան, իսկ քարոզիչ՝ Տէր Գեղարդ Աւագ Քահանայ Կարապետեանը: Ձեռնարկին բեմավարն էր ընկեր Օհան Կիւրէղեանը:
Այս առիթով երեք երիտասարդ գանատահայեր, մէկը Գանատա ծնած, միւսը վերջերս Սուրիայէն Գանատա հաստատուած եւ վերջինը Մեքսիքայէն, պատմեցին իրենց զգացմունքները` Հայոց ցեղասպանութեան եւ այն դժուարութիւններուն մասին, զորս դիմագրաւած էին պահպանելու իրենց հայ մշակոյթն ու ինքնութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Ս. Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ «Ներսէս Շնորհալի» եւ ՀՕՄ-ի «Արազ» վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիները՝ անհատական արտասանութիւններով եւ խմբային ազգագրական երգերով:
Յիշատակումի այս հաւաքին ներկայ էին հայ ժողովուրդի արդար դատին հաւատացող գանատացի քաղաքական դէմքեր, որոնք ծաղիկներ զետեղեցին ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ՝ առ ի յարգանք մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին համայն հայութեան:
Յատկանշական էր քաղաքապետի տեղակալ եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Geoff Meggs-ի ներկայութիւնը, որ կարդաց Վանգուվըր քաղաքի հռչակագիրը ցեղասպանութեան առնչութեամբ:
Ապա խօսք առաւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Օրէնսդիր Մարմնի անդամ Adrian Dix, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հպարտ է բաժնեկից դառնալու Վանգուվըրի հայ գաղութին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն եւ ինքզինքը կը սեպէ հայ ընտանիքի մէկ անդամ ու կը հաւատայ, որ մեր աշխատանքները պիտի շարունակուին: Ան նաեւ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան մասին դպրոցներու մէջ ուսուցման եւ Արցախի Հանրապետութեան իրաւունքներու ինքնորոշման կարեւորութեանց մասին:
Իսկ քաղաքապետարանի անդամ Hedy Fry ներկայացուց Գանատայի կառավարութեան եւ վարչապետ Justin Trudeau-ի խօսքը:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ միասնական աղօթքով:
Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան