Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Գանատայի յունական ու կիպրական կազմակերպութիւնները կը դատապարտեն ատրպէյճանական բռնարարքները
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCC), Գանատական Յունական Գոնկրէսը (CHC- Canadian Hellenic Congress) եւ Գանատայի Կիպրական Դաշնակցութիւնը (CFC- Cypriot Federation of Canada) Մայիս 20-ին հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը՝ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի առկայ իրավիճակին վերաբերեալ։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ երեք կազմակերպութիւնները կը դատապարտեն ատրպէյճանական ներխուժումը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք եւ կոչ կ՚ուղղեն Գանատայի կառավարութեան դատապարտելու այդ արարքը, կատարուածը սահմանելով որպէս սադրանք, որը կը սպառնայ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան՝ անտեսելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար կանոնները:
Միացեալ յայտարութիւնը կը շեշտէ, որ Արցախի Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմէն ետք, Ատրպէյճանը ռազմական գործողութիւններով շարունակաբար կը սպառնայ եւ անհիմն տարածքային պահանջներ նկը երկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու եւ անոր բնակչութեան ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար, միջազգային հանրութիւնը պէտք է միջոցներ ձեռնարկէ Հայաստանի հարաւային տարածքներուն, յատկապէս Սիւնիքի մարզին մէջ, անվտանգութեան գօտի ստեղծելու համար:
Երեք կազմակերպութիւնները կը պահանջեն նաեւ Ատրպէյճանէ, որ անյապաղ ազատ արձակէ անօրինական կերպով գերութեան մէջ գտնուող շուրջ 200 հայ ռազմագերիները, պահպանէ Արցախի ու Նախիջեւանի դարաւոր հայկական մշակութային ժառանգութիւնները եւ ճանչնայ հայ ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը։