Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող՝ Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան (1858-1942)
Համադրեց՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան ծնած է Պոլիս, 20 ապրիլ 1858-ին: Վկայուած է Փարիզի բժշկական համալսարանէն, 1884-ին: Վերադարձած է Պոլիս եւ գործած է իբրեւ բժիշկ: Նոյն տարին Կ. Պոլսոյ մէջ եղած է Կայսերական բժշկական ընկերութեան փոխնախագահ։ Երկար տարիներ եղած է Պոլսոյ հայկական բժշկական միութեան նախագահը:
1886-էն սկսեալ զբաղած է ազգային հասարակական գործերով: Եղած է Պոլսոյ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ, առողջապա-հութեան խորհուրդի անդամ եւ ուսումնական խորհուրդի ատենապետ: Հրատարակած է բժշկական նիւթերով հարուստ դպրոցական գրքոյկներ, մամուլին մէջ գրած է բանասիրական յօդուածներ:
Երկար տարիներ նուիրուած է հայ բժշկութեան պատմութեան եւ 18-19րդ դարերու հայ բժիշկներու կենսագրութեան պատրաս-տութեան: Աշխուժօրէն մասնակցած է Պոլսոյ եւ Փարիզի հայ բժիշկներու, բժշկական պատմութեան ֆրանսական ընկերութիւններու գործունէութիւններուն եւ միջազգային համաժողովներու: Գրած է Վիեննայի «Հանդէս ամսօրեայ»-ին եւ Եւրոպայի տարբեր պարբերականներու մէջ, հայ բժշկութեան եւ հայ հին բժիշկներու մասին: Եղած է յարգելի անձնաւորութիւն հայկական, ինչպէս նաեւ թրքական պետական շրջանակներու մէջ:
Եղած է Ապտուլ Մեճիտի անձնական բժիշկը՝ ամբողջ 20 տարի:
Գրիգոր Զօհրապի հետ տարած է մեծ աշխատանք Ապտուլ Մեճիտի մօտ, հայկական ջարդերը կանխարգիլելու միտումով:
24 Ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած է մեծ թիւով հայ մտաւորականներու հետ եւ բանտարկուած՝ Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ: Անկէ փոխադրուած է բոլոր բանտարկեալներուն հետ նախ՝ Այաշ, եւ ապա՝ Չանղըրըի բանտը: Բարեբախտաբար ազատ արձակուած է մեծ վեզիր Սայիտ Հալիմ փաշային հրամանով, Ապտուլ Մեճիտ իշխանի անձնական միջնորդութեամբ: 20 մայիս 1915-ին, ազատ արձակուելէ ետք, վերադարձած է Պոլիս:
2 Ապրիլ 1916-ին, դժուար պայմաններու մէջ տեղափոխուած է Տէր Զօր, ապա՝ Հալէպ: 1918-ին, Հալէպի մէջ հիմնած է «ազգային համախմբում»ը, համախմբելու համար կոտորակուած հայերու բեկորները:
1918-20, իբրեւ Կարմիր խաչի հայկական բաժինի նախագահ, աջակցած է եւ նիւթական ու բարոյական ներդրում բերած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան:
1923-ին տեղափոխուած է Փարիզ եւ հիմնականին մէջ զբաղած է հայ բժկութեան պատմութեամբ եւ բանասիրութեամբ: Դարձած է Փարիզի հայ բժիշկներու միութեան նախագահը: Հոն, երեք տարի ուսումնասիրած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մատենադարանի եւ Փարիզի ազգային գրադարանի հայկական բժշկական ձեռագիրները: Ասոնց վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւնները հրատարակած է Մխիթարեան միաբանութեան «Բազմավէպ»ին մէջ:
Իր երկարամեայ բանասիրական գործունէութեան ընթացքին տպագրած է հասարակական մտքի պատմութեան վերաբերողշուրջ հարիւր աշխատսիրութիւններ:
Արժանացած է ֆրանսական «Փալմ Ակաթեմիք» պատուանշանին: Պարգեւատրուած է բժշկութեան պատմութեան միջազգային քոնկրէսի մետալով եւ ռումանական բժիշկ-պատմաբաններու ընկերութեան շքանշանով: Արժանացած է ֆրանսական կառավարութեան «Ակադեմիայի սպայ» պատուաւոր կոչման:
Մահացած է 84 տարեկանին 11 Օգոստոս 1942-ին:
Անոր անձնական հարուստ արխիւները պահուած են Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:
Իր գրչին կը պատկանին հետեւեալ աշխատասիրութիւնները Բժիշկ տոքթ. Վիչէն էֆէնտին, Դիցումն, Յիսնամեակ բժիշկ տոքթ. Հ.Պ. Մաթէոսեանի, Ստեփան Բժիշկ Շէհրիմանեան, Տեղեկագիր հայ բժշկութեան:
Իր այլ կարեւոր աշխատասիրութիւններն են.
ա. Արդի հնդկահայ բժիշկները, Վիեննա, 1896.
բ. Դպրոցներու առողջապահութիւնը, Վենետիկ, 1908.
գ. Երեմիա Չելեպիի 3 հատորնոց «Պատմութիւն Ստամպոլայ» չափածոյ երկը, Վիեննա, 1913.
դ. Հարիւրամեակ Ռեստէնի բժշկական հրատարակութեան, Վենետիկ, 1922.
ե. Հայ բժշկական արձանագրութիւն, Վենետիկ, 1931.
զ. Դպրոցական առողջապահութիւն.
է. Համալսարանական հին հայ 40 բժիշկներ.
ը. Հայ բժշկական ձեռագիրք.
թ. Հայուհիները հայ բժշկութեան պատմութեան մէջ.
ժ. Ֆրանսական երկու աշխատասիրութիւններ՝ 1919-ին եւ 1925-ին.
Աղբիւրներ՝
- Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, Թորգոմեան Վահրամ, Հայ բժռիշկներուն, ատամ-նաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին, Մոնթրէալ, 2018.
- Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Օսմանյան կայսրութիւնում, Թուրքիայի հանրապետութիւնում եւ յարակից տարածքներում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած Հայ բժիշկներ, համառօտ կենսագրական բառարան, Երեւան, 2014
- “Ով ով է. Հայեր”, կենս. հանրագիտ., հատոր Ա., Երևան, 2005:
4.Վիքիպեդիա՝ Վահրամ Թորգոմեան.