Հայաստանի Հիւսիսային դարպասներու ամրագրման հրամայականը. Խմբագրական
Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման համար էական անհրաժեշտութիւն ունին հայրենի հիւսիսային դարպասները՝ Լոռին եւ Ջաւախքը։ Պատմութեան ընթացքին, վերոնշեալ երկու տարածքները աշխարհաքաղաքական տարբեր իրավիճակներու մէջ գտնուելով հանդերձ, միշտ հանդիսացած են կենարար այն սրտանօթը, որ պատուար կանգնած է համաթրքական յորձանքին դէմ։ Ռազմավարական տեսանկիւնէ, այսօր, Ջաւախքը ծովամերձ ամենէն հայաշատ տարածքն է։
Վրաստանի հայութիւնը, եւ յատկապէս Ջաւախք-Ծալկա տարածաշրջանին մէջ համախումբ ապրող վրացահայութիւնը, Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումէն ետք ենթարկուեցաւ քաղաքական, լեզուական, մշակութային, քաղաքացիական եւ կրօնական իրաւունքներու անարգել խախտման։ Վրացական իշխանութիւններու խտրական քաղաքականութիւնը եւ Ջաւախքը հայաթափելու մարտավարութիւնը պատճառ հանդիսացան, որ շրջանէն ծաւալի արտագաղթի ալիքը։ Ժողովրդագրական վիճակագրութիւնները կ՚ահազանգեն Ջաւախքի եւ շրջակայ հայկական բնակավայրերու հայութեան նոսրացումը։
Երկար տարիներու վրայ գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան եւ ենթակառոյցներու անմխիթար վիճակին պատճառով Ջաւախքը զրկուած եղած է զարգացման ներուժէ։
Հայաստանի համար աշխարհաքաղաքական լուրջ գործօն է հիւսիսային իր պատմական հարեւանը: Այսօրուան պայմաններով, Վրաստանի տարածքով կ՚անցնի Հայաստանը Ռուսաստանի հետ կապող ճանապարհը եւ Վրաստանի Սեւ Ծովի նաւահանգիստներուն միջոցով է, որ Հայաստանը իր միակ ելքային ճանապարհը ունի դէպի ծով:
Այսօրուան համաշխարհային աշխարհաքաղաքական բարդ եւ դիւանագիտական բազմաշերտ իրավիճակին մէջ, Արցախի կողքին անհրաժեշտ է նաեւ Հայաստանի Հիւսիսային դարպասներու՝ Ջաւախքի եւ Լոռիի ամրապնդումը, եւ այդ մէկը իրագործելու համար՝ հրամայական է համայն հայութեան եւ յատկաապէ՛ս Սփիւռքի համայնքներու մասնկացութիւնը Հայաստանի Հիւսիսային դարպասներու հզօրացման։
Գանատայի ՀՅԴ կառոյցն ու իր ուղեկից կազմակերպութիւնները արդէն երկար տարիներէ ի վեր Լոռիի եւ Ջաւախքի զարգացման յատուկ ծրագիրներ իրագործած են։ Յառաջիկայ օրերուն, Գանատայի տարածքին վերստին նուիրահաւաքի զօրաշարժ է՝ ի նպաստ հիւսիսի մեր պաշտպանական պարիսպներու ամրագրման։
Ջաւախքի հայապահպանութեան եւ Լոռիի հզօրացման խնդրով Սփիւռքի բոլոր կառոյցները պէտք է միահամաուռ աջակից դառնան պատմական հայրենի հողին վրայ ապրող իրենց հայրենակիցներուն։
Պատմութեան ընթացքին հայկական Ջաւախքը հայութեան նուիրաբերած է վարչապետներ՝ Յովհաննէս Քաջազնունին եւ Համօ Օհանջանեանը, երկու նախարարներ՝ Ռուբէն Տէր Մինասեանն ու Ռուբէն Դարբինեանը։ Իսկ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարին մէջ Ջաւախքի զաւակները ներկայութիւն եղած են Արաբոյի եւ Խանի ֆետայական խումբերուն մէջ, մասնակցած են Խանասորի արշաւանքին եւ Վանի հերոսամարտին, եւ պատահական չէր, որ մեծ թիւով Ջաւախքի զաւակներ նահատակուեցան Արցախեան Ազատամարտի ընթացքին։
Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի ազատագրական պայքարին իր զաւակները չզլացած Ջաւախքին պարտական է համայն հայութիւնը։
«Հորիզոն»