Համերաշխութեան Անունով Կարելի Չէ Համերաշխութիւնը Ականահարել (պատասխան՝ Արշաւիր Կէօնճեանի յօդուածին)

Դաշնակցութիւնը երբեք ալ չէ իւրացուցած 1918ին հռչակուած հանրապետութիւնը, իբրեւ բացառապէս մեր իրագորումը։ Ուրիշնե՛րն են, որոնք հրաժարած են այդ արժէքէն եւ այդ ուրիշներու շարքին՝ նաե՛ւ ՌԱԿ-ը։

 

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ, այս յօդուածագիրը իր անձնական իմէյլին մէջ ստացաւ դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանէն յօդուած մը, որ լոյս տեսած էր իր ստորագրութեամբ՝ «Պայքար» շաբաթաթերթի Օգոստոս 13ի թիւին մէջ։ Յօդուածին խորագիրն է «Եկէք համաձայնինք՝ որպէսզի 2018 Մայիսին, հայոց պետականութեան հարիւրամեակը նշուի համահայկական եւ համերաշխ ոգիով»։

Յօդուածագիրը ունի կուսակցական հանգամանք, այսինքն ան «ամէնէն աշխոյժ եւ հեղինակաւոր ղեկավարներէն մէկը կը նկատուի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան որուն Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուած է աւելի քան քսան տարիներ 1975-էն մինչեւ 1995 եւ եղած է Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը տասը տարիներ, յատկապէս Հայաստանի անկախացման առաջին շրջանին բարդ զարգացումներուն ընթացքին: Այժմ դոկտ. Ա. Կէօնճեան որպէս երէց խորհրդական անդամ է ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդին», ինչպէս կը նշուի «Պայքար»ի խմբագրական ծանօթագրութեան մէջ:

Դիւրաւ կարելի է եզրակացնել, որ նոյն յօդուածագրին մտակառոյցին համաձայն, ոեւէ մէկուն արձանը կարելի է դնել, պայմանով որ ենթական դաշնակցական չըլլայ։ Ա՛յս է բուն հարցը։

Հետեւաբար, ամէն պատճառ ունինք համոզուելու, որ իր տեսակէտները նաեւ կը համարուին ՌԱԿի կեցուածքը։
Ասկէ մեկնած, մենք ալ ըսենք՝ մե՛ր ըսելիքը։

Ուրեմն, ըստ յօդուածագրին, այն օրէն երբ Երեւանի մէջ յայտարարուեցաւ, թէ 2018ին պիտի նշուի «Մայիսեան օրերու հարիւրամեակը», Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ սկսան երեւիլ «շեշտուած հատուածականութիւն» արտայայտող յօդուածներ եւ առաջարկներ, որոնցմէ «ակնյայտ» կը դառնայ (յօդուածագրին բնորոշումով), թէ «անոնք շեշտուած կերպով կը միտին վերադառնալ 1918 Մայիս 28-էն ետք, աւելի քան 70 տարիներ շարունակ, իրենց տարած միահեծան դաշնակցականակեդրոն քաղաքականութեան»:

Իսկ ի՞նչ է էութիւնը այս «դաշնակցականեդրոն քաղաքականութեան». ահաւասիկ (կը մէջբերենք նոյնութեամբ, առանց նոյնիսկ կէտադրական սրբագրումներու). «Արդարեւ ամբողջ այդ տարիներուն ընթացքին, Հ.Յ.Դ.ն նոյնիսկ անտեսելով իր իսկ աղբիւրներուն մէջ, ժամանակին արձանագրուած պատմական տուեալները, բացայայտօրէն այլամերժ գործելակերպ մը որդեգրեց, առաջին Հանրապետութիւնը ամբողջովին իւրացնելով իբրեւ Հ.Յ.Դ.ի առանձին իրագործումը: Դժբախտաբար դաշնակցականները նոյնիսկ Ա. Հանրապետութիւնը եւ եռագոյն դրօշակը դարձուցին նշանաբան այն պայքարին որ անընդհատ կերպով տարին այդ օրերուն, ընդդէմ ամէն անձի հաստատութեան կամ ձեռնարկի որ կը կատարուէր յօգուտ Հայաստանի, Ս. Էջմիածնի եւ հայաստանանիստ մշակութային , գրական կամ գիտական որեւէ նախաձեռնութեան»:

Նախ՝ տօնուելիքը «մայիսեան օրերու» հարիւրամեակ չէ, այլ՝ հայոց պետականութեան վերականգնման, 28 Մայիս 1918ի հարիւրամեակն է։ 100 տարի անց, սակայն ՌԱԿի մտածողութիւնը չէ հաշտուած այն գաղափարին հետ, որ այդ օր հայ ժողովուրդը վերստին ունեցաւ իր պետականութիւնը, իր սեփական հայրենիքին մէջ։ Ճիշդ է՝ ծանր պայմաններու տակ, բայց եւ այնպէս պատմական անկիւնադարձ մը արձանագրուեցաւ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ։ Ասիկա հռետորաբանութիւն չէ, այլ՝ փաստ։

Կէօնճեան, որ իր յօդուածին մէջ պատմաբանական դեգերումներ ալ կը կատարէ, շատ լաւ պէտք է գիտնայ, թէ յատկապէս Մայիսեան այդ օրերուն, ատոնց նախորդած, կամ յաջորդած տասնամեակներուն, հայկական իրականութեան մէջ հիմնական ուժը Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն էր, իր մշակած քաղաքական միտքով ու մարտական . զինուորական գործունէութեամբ։

Եթէ այս փաստին մասին խօսիլը, զայն քաղաքականօրէն արժեւորելը, ատոր գաղափարական արժէքը ընդգծելը հատուածականութիւն կը նշանակէ, ուրեմն իբրեւ դաշնակցականներ հպարտօրէն պէտք է ընդունինք, որ այո, մենք «հատուածական» ենք։

Գանք «դաշնակցականեդրոն քաղաքականութեան». Դաշնակցութիւնը երբեք ալ չէ իւրացուցած 1918ին հռչակուած հանրապետութիւնը, իբրեւ բացառապէս մեր իրագորումը։ Ուրիշնե՛րն են, որոնք հրաժարած են այդ արժէքէն եւ այդ ուրիշներու շարքին՝ նաե՛ւ ՌԱԿը։

Դոկտ. Կէօնճեան, որ իր յօդուածին մէջ պատմաբանական դեգերումներ ալ կը կատարէ, շատ լաւ պէտք է գիտնայ, թէ յատկապէս Մայիսեան այդ օրերուն, ատոնց նախորդած, կամ յաջորդած տասնամեակներուն, հայկական իրականութեան մէջ հիմնական ուժը Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն էր, իր մշակած քաղաքական միտքով ու մարտական . զինուորական գործունէութեամբ։ Սա եւս պատմական փաստ է եւ այս փաստով մենք, դաշնակցականներս, հպարտ կը զգանք. հպարտ՝ բայց ոչ գոռոզ։ Մեծ հաշուով, Մայիս 28ը, իբրեւ պատմական անկիւնադարձ, ի վերջոյ քաղաքական ու գաղափարական կամքի արտայայտութիւն էր եւ առաւելաբար Հ.Յ.Դաշնակցութեա՛ն կամքի արտայայտութիւնն էր, որ յաջողեցաւ ժողովրդային խաւերու ամենալայն մասնակցութիւնը ապահովել։ Մասնակցութիւն մը, որ գետնի վրայ արտայայտուեցաւ Մայիսեան հերոսամարտերով։

Որ Եռագոյնը դարձուցած ենք պայքարի նշանաբան, այնպէս ինչպէս յօդուածագիրը կը բնութագրէ, այդ եւս խեղաթիւրուած միտք է։ Որովհետեւ Եռագոյնը խորհրդանիշն է այն հանրապետութեան, որ 1919ի պաշտօնական, պետական որոշումով հռչակուեցաւ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստան։ Այո, մենք Եռագոյնը վերածած ենք Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի իտէալին ի խնդիր մեր մղած պայքարի՛ն նշանաբանը, խորհրդանիշը։ Եւ մեր մղած այս պայքարով հպարտանալու ամէն պատճառ ալ ունինք։ Այս իտէալը հիմնաքարն է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ծրագրի քաղաքական պահանջներու բաժինին։ Այս իտէալով ալ Դաշնակցութիւնը սերունդներ դաստիարակած է եւ պիտի շարունակէ դաստիարակել թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ։ Հոգ չէ, թէ մեր այս կեցուածքը հաճելի չթուի դոկտ. Կէօնճեանի ու իր նման մտածողներու քիմքին։

Դիւրաւ կարելի է եզրակացնել, որ նոյն յօդուածագրին մտակառոյցին համաձայն, ոեւէ մէկուն արձանը կարելի է դնել, պայմանով որ ենթական դաշնակցական չըլլայ։ Ա՛յս է բուն հարցը։

Խորհրդային տարիներուն, Դաշնակցութիւնը Սփիւռքի մէջ պահեց ու պահպանեց Եռագոյնով խորհրդանշուող այս իտէալը։ Ինչպէս ըսինք՝ ատով սերունդներ դաստիարակեց։ Այս իտէալին (հետեւաբար նաեւ՝ դրօշին) դէմ խորհրդային իշխանութիւններն ու իրենց արտասահմանեան զինակիցները (նեառեալ ՌԱԿը) յամառ պայքար մղեցին։ Այս պայքարը իր դէմ բնականաբար ստեղծեց պաշտպանական համապատասխան հակազդեցութիւն։ Սակայն այսօր, այս պայքարին ելքը յայտնի է բոլորիս։ Եռագոյնը Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշն է։ Հայաստանը այսօր անկախ պետութիւն է։

Առանց մտնելու յօդուածագիր դոկտ. Կէօնճեանի միջանկեալ դեգերումներուն մէջ, գանք իր յօդուածին վերջին բաժինին, ուր կ’ըսէ. «Եթէ իրենք (Վ.Բ. ֊ Դաշնակցականները) կ’առաջարկեն Արամ Մանուկեանը կամ Դրօն, անոնց չափ եւ անոնցմէ աւելի համահայկական յարգանք կը վայելէ եւ հետեւաբար արժանի է այդ պատիւին զօրավար Անդրանիկ Օզանեան: Վստահաբար այս անգամ դաշնակցութիւնը (Վ.Բ. ֊ Դաշնակցութիւնը մեծատառով կը գրեն, կուսակցութեան մը անունն է սիրելի դոկտ. Կէօնճեան) սաստիկ կերպով պիտի վիճի եւ ընդդիմանայ այս վերջին առաջարկին..։ Եկէք ուրեմն, եթէ անհրաժեշտ է արձան կանգնեցնել, առաջարկենք, որպէս անվիճելի նշանաբան հայ հզօր պետականութեան, Մեծն Տիգրանը…»։

Փայլուն միտք է, չէ՞… Մեծն Տիգրանը իբրեւ 1918ի հարիւրամեակի առթիւ կանգնեցուելիք արձանի թեկնածու։ Անկախ այն իրողութենէն, որ Մեծն Տիգրանը իր ուրոյն տեղը ունի մեր պատմութեան մէջ. մէկը, որուն հաշիւը կ’ընէր նոյնիսկ այդ օրերու աշխարհի միակ գերհզօր պետութիւն՝ Հռոմը։ Եւ թերեւս ալ տեղ մը Մեծն Տիգրանը պէ՛տք է ունենայ իր արձանը. հարց չունինք։
Վերադառնալով, Կէօնճեանի նշեալ պարբերութեան մէջ եւս փաստերը պէտք է ճշդել։ Առաջին, մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնական վայրի մը մէջ Արամ Մանուկեանի արձանը զետեղելու որոշումը կը պատկանի պաշտօնական իշխանութիւններուն։ Երկրորդ, Անդրանիկի արձանը արդէն կանգնեցուած է մայրաքաղաքի Կեդրոն շրջանին մէջ։

Դիւրաւ կարելի է եզրակացնել, որ նոյն յօդուածագրին մտակառոյցին համաձայն, ոեւէ մէկուն արձանը կարելի է դնել, պայմանով որ ենթական դաշնակցական չըլլայ։ Ա՛յս է բուն հարցը։
Բայց պատմական չոր իրականութիւններն ու փաստերը կը մնան ու կը մնան եւ անհրաժեշտ է հաշուի նստիլ ատոնց հետ։ Այսպէս, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ իբրեւ հայկական ազատագրական պայքարի դրօշակիր։ Ան ունէր համապատասխան գաղափարաբանութիւն եւ նպատակներ. այս ծիրէն ներս, ան մշակեց քաղաքական միտք, ու իր գաղափարականով ու քաղաքական միտքով պատրաստեց, թրծեց համապատասխան քաղաքական ու մարտական ֊ զինուորական գործիչներ։ Ան դարձաւ հայկական իրականութեան մէջ գլխաւոր ուժը, որ ղեկավարեց հայկական ազատագրական պայքարը։ Դաշնակցութեան ռազմաքաղաքական քուրային մէջն էր որ թրծուեցաւ այն սերունդը, որ հայ ժողովուրդին տուաւ իր կորսուած պետականութիւնը, որ կոչուած էր դառնալու Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստան։

Դաշնակցութեան ծոցէն ելան նոյն այդ հանրապետութեան չորս վարչապետները եւ բազմաթիւ նախարարներ։ Արամ Մանուկեանը, այդ օրերուն իր ունեցած դերակատարութեամբ, ժողովուրդը եւ բոլո՛ր ուժերը մէկ նպատակի շուրջ համախմբելու եւ համերաշխ ուժի վերածելու կամքով, կը խորհրդանշէ նոյն այդ սերունդը ամբողջ։ Եւ ճիշդ ա՛յս պատճառով է, որ մեր ժողովուրդը եւ պետութիւնը արժանի յարգանքը պիտի մատուցեն այդ սերունդին՝ կանգնեցնելով իր արձանը։

Հետեւաբար, եթէ դոկտ. Կէօնճեան ու իր հանախոհները կողմնակից են ազգային համերաշխութեան, պէտք է դադրեցնեն նոյն այդ համերաշխութիւնը ականահարելու միտող իրենց արշաւը։ Սխալ բան չկայ, պատուի հարց չկայ Դամասկոսի ճամբան բռնելուն մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.