Համազգային Ուսանողական Հաւաքը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները
7 յուլիս 2023-ին Երեւանի մէջ ընթացք առած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքը (ֆորում) աշխուժ կերպով շարունակեց իր աշխատանքները:
Արդարեւ, 10 յուլիսին, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի, ֆորումականներուն օրը սկսաւ Երեւանի պետական համալսարան (ԵՊՀ) այցելութեամբ: Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի հետազօտութիւններու փոխտնօրէն Ալիք Ղարիպեան առաջնորդեց ֆորումականները ԵՊՀ-ի թանգարան, ուր հակիրճ ձեւով ներկայացուց այնտեղ գտնուող մեր հարստութիւնները: Ղարիպեան նաեւ ներկայացուց Հայագիտական ամպիոնն ու անոր առաքելութեան վերաբերող տարբեր աշխատանքները:
Աւելի մօտէն ծանօթանալու համար հայ ժողովուրդի մշակոյթի օրրանին` հայկական երաժշտութեան, անկէ ետք ֆորումականները մեկնեցան Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոց, ուր փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան ներկայացուց հայ աշուղներու կենսագրականներն ու անոնց տարած սրբազան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` հայկական նուագարաններն ու անոնց արժէքը` մեր մշակոյթի ու ինքնութեան պահպանման կամուրջը ամուր պահելու առումով:
Հաւաքի մասնակիցներուն յաջորդ այցելութեան վայրը երաժշտական արուեստի կարկառուն ներկայացուցիչ Կոմիտաս վարդապետի թանգարանն էր, ուր անոնք մօտէն ծանօթացան Կոմիտասի կեանքին, գործունէութեան, անոր ձգած հարստութեան, անոր պատկանող եւ թանգարանին մէջ պահպանուած իրերուն:
Աւելի ուշ, ֆորումականները հանդիպում ունեցան «Պըրթ Ռայթ Արմենիա»-ի տնօրէն Սեւան Գապաքեանի հետ, որ համառօտ ծանօթացում մը տուաւ ծրագիրի նպատակին, գործելաոճին եւ դիւրութիւններուն մասին:
11 յուլիսի առաւօտ կանուխ, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցան համալսարանի ընդունելութեան բաժինի պատասխանատու Մեղրի Խօշեանի հետ, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց համալսարանը: Ապա, անոնք այցելեցին Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարան:
Յետմիջօրէին, ուսանողական հաւաքի մասնակիցները առիթ ունեցան սորվելու հայկական ազգագրական պարեր` «Արենի տենս սթիւտիօ»-ին մէջ:
12 յուլիսին ֆորումականները այցելեցին Արարատի գիրկը բազմող Խոր Վիրապ, ապա` Զուարթնոց: Անոնց յաջորդ այցելավայրը ԹՈՒՄՕ կեդրոնն էր, ուր ծանօթացան կեդրոնի տարբեր աշխատանոցներուն:
Երեկոյեան, մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Սoս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատրոնի` «Հրաշագործը» ներկայացումին:
13 յունիսին խումբը ուղղուեցաւ Արմաւիրի մարզ, ուր նախ այցելութիւն տրուեցաւ Էջմիածինի Մայր տաճար, ապա` Ս. Գայեանէ եկեղեցի, ուր նաեւ այցելեցին Սարդարապատի հրամանատար Դանիէլ Բեկ Փիրումեանի եւ Ռաֆֆիի «Խենթ»-ի հերոս Վարդանի շիրմաքարերը:
Կէսօրին ֆորումականները առիթ ունեցան շրջելու, դիտելու եւ մասնակից դառնալու Ռուբէն Նալպանտեանի խաչքարերու վարպետաց դպրոցի արուեստին եւ աշխատանքներուն: Անոնք կատարեցին լաւաշ թխելու եւ խաչքարի փորագրման իրենց առաջին փորձը:
Աւելի ուշ, ֆորումականները իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ո՞վ է հայը» զրոյցին: Զրուցավարն էր պատմաբան Վարագ Գեթսեմանեան: Յետմիջօրէին, անոնք այցելեցին Մայր Հայաստան եւ ունեցան ընկերային հաճելի պահ:
14 յուլիսին այցելութիւն տրուեցաւ Ծաղկաձոր, ուր բնութեան հրաշալիքին կողքին ֆորումականները վայելեցին ճոպանուղի: Ապա նախորդ տարիներու աւանդութիւնը շարունակելով` այս տարի եւս Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ծաղկաձորի Տիրամայր Հայաստանի ճամբարը, ուր հիւրընկալուեցան ճամբարի փոքրիկներուն կողմէ, որոնց հետ ունեցան կիսօրեայ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր ճաշ, ընկերային պահ, երաժշտութիւն ու պար: Իւրաքանչիւր երեխայի սէրն ու ժպիտը, անոնց հետ ուսանողներուն անցուցած ժամերը իւրայատուկ դրոշմ ձգեցին իւրաքանչիւրին մօտ:
Ընթրիքէն ետք, ֆորումականները ունեցան ընկերային պահ եւ ստեղծեցին հաճելի մթնոլորտ:
Comments are closed.