Համազգայինի «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը Սփիւռքի միակ ֆիլմի փառատօնն է, որ միայն հայկական առնչութիւն ունեցող ֆիլմեր կը ցուցադրէ
«Այսօր հպարտութեամբ կը հաստատենք, թէ Համազգայինի «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը Սփիւռքի միակ ֆիլմի փառատօնն է, որ միայն հայկական առնչութիւն ունեցող ֆիլմեր կը ցուցադրէ»
– Հարցազրոյց Համազգայինի «Նուռ» ֆիլմի փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Յովսէփ Սերայտարեանի հետ
Հ.- Ո՞ր թուականին հիմնուեցաւ «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը, ո՞ւր եւ որո՞ւ կողմէ:
Յ.Ս.- «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը հիմնուած է 2005-ին, Թորոնթոյի մէջ, խումբ մը համազգայնական երիտասարդներու կողմէ, որոնք յատուկ հետաքրքրութիւն ունէին հայկական ֆիլմերու նկատմամբ: Անոնք նախ սկսած են գործել որպէս ֆիլմի ակումբ եւ ամէն ամիս ֆիլմ մը ցուցադրել Հայ կեդրոնի Համազգայինի գրադարանէն ներս, ապա գաղափարը յղացան փառատօնին, նախ երկու օրով, ապա՝ երեք, իսկ վերջին երկու տարիներուն՝ հինգ օրով, որ տեղի կ՚ունենայ ամէն տարի Նոյեմբերի առաջին կամ երկրորդ շաբաթը: Հիմնադրութեան տասնամեակին անոր տեւողութիւնն էր մէկ շաբաթ:
Հ.- Ի՞նչ նպատակով կամ հեռանկարով հիմնուեցաւ այս փառատօնը:
Յ.Ս.- Այս փառատօնին նպատակը հայ ֆիլմը սփիւռքին մէջ պահպանելն է, քաջալերել հայ ֆիլմ արտադրողը, բեմադրիչը, դերասանը եւ իրենց ճամբայ բանալն է: Այսպիսով մենք անոնցմէ ոմանց կը տրամադրենք որոշ գումարներ, որպէսզի կարենան իրենց ֆիլմերը պատրաստել կամ արտադրել, եւ մեր փառատօնին միջոցաւ զանոնք կը ցուցադրենք: Մեր օժանդակութիւններու ֆոնտը կը կոչուի Pom grant, որ կախեալ կ՚ըլլայ մեր բարերարներու տրամադրած գումարներէն: Ընդհանրապէս ամէն տարի 4-5 ֆիլմ արտադրողի կամ բեմադրիչի օժանդակութիւն կ՚ապահովենք, Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ: Մեր կայքէջին վրայ դիմումնագիր ունինք, զոր պէտք է խնդրոյ անձը ամբողջացնէ եւ մեզի ուղարկէ: Անոնք կը սերտուին մեր կողմէ եւ ըստ այնմ կը կատարուին մեր օժանդակութիւնները:
Հ.- Այս փառատօնը ինչո՞ւ համար կեդրոնացած է վաւերագրական ֆիլմերու վրայ:
Յ.Ս.- Փառատօնը չէ կեդրոնացած մէկ տեսակի ֆիլմերու վրայ, ընդհակառակը, մենք ունինք տեսակաւոր ֆիլմեր, որոնց մէջ վաւերագրականներն ալ իրենց տեղը կը գրաւեն: Առաւել, մենք յատուկ թեմայով մը չենք սահմանափակեր ֆիլմերը, միայն 2015-ին փառատօնին թեման նուիրուած էր անշուշտ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Մեզի համար կարեւորը այն է, որ ֆիլմը հայութեան հետ առնչութիւն ունենայ, այսինքն ունենայ հայ բեմադրիչ, դերասան, արտադրող, կամ ըլլայ օտար ֆիլմ, որուն նիւթը հայերուն մասին ըլլայ: Այսինքն ֆիլմը անպայման հայերուն հետ առնչութիւն պէտք է ունենայ, եւ այսօր հպարտութեամբ կը հաստատենք, թէ Համազգայինի «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը Սփիւռքի միակ փառատօնն է, որ միայն հայկական առնչութիւն ունեցող ֆիլմեր կը ցուցադրէ, այլ գաղութներու մէջ եւս ստեղծուեցան նման փառատօներ, սակայն անոնք օտար ֆիլմեր եւս կը ցուցադրեն:
Հ.- Քանի՞երորդ փառատօնն է այս, քանի՞ ֆիլմ պիտի ցուցադրուին այս տարի:
Յ.Ս.- Այս տարի մեր 12-րդ փառատօնն է, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուին 40 ֆիլմեր՝ 17 երկիրներէ: Ասոնցմէ 7-ն՝ առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուին, 13-ն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով: Ցուցադրութիւններուն ընթացքին պիտի ունենանք նաեւ երկու գեղարուեստական մասնակցութիւն, մէկը՝ պարային իսկ միւսը՝ թատերական: Մեր հեռանկարներէն մէկն է նաեւ աւելի մեծ տարածում ունենալ Գանատայի մէջ, հակառակ անոր որ մենք կարգ մը ֆիլմեր ցուցադրած ենք մեր միւս գաղութներուն մէջ եւ անոնցմէ մէկը՝ «Վերջին բնակիչը», Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբերին Մոնթրէալի մէջ պիտի ցուցադրուի, սակայն մեր նպատակն է աւելի լայն տարածում ունենալ եւ ինչու չէ նմանատիպ փառատօներ հիմնել այդ գաղութներուն մէջ:
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ՝ ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ