Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Բացումը Կատարեց Արցախի Հալէպահայ Նահատակներուն Նուիրուած Յուշակոթողին

7 նոյեմբեր 2021-ին, հալէպահայ երիտասարդներ ուխտի եկած էին Արցախի մէջ նահատակուած իրենց ընկերներուն` Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի նահատակութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց:

Յուշակոթողին բացման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, նահատակներու ընտանեկան պարագաներ, հայ երեք համայնքապետները, Բերիոյ հայոց թեմի քահանայից դասը, Մխիթարեան միաբանութեան հայրեր, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեանց, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամներ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան եւ մարմիններու, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչները, Դամասկոսէն, Լաթաքիայէն, Գամիշլիէն եւ Քեսապէն այս առիթով Հալէպ եկած ազգայիններ:

Ներկաները ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն ընկերակցութեամբ խմբուեցան յուշակոթողին դիմաց:

Բացման խօսքով Աննա Պարսամեան ներկայացուց հալէպահայ նահատակներուն սխրանքն ու անոր խորհուրդը:

Յուշակոթողի բացման արարողութիւնը կատարեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան:

Ապա տեղի ունեցաւ նահատակ ընկերներու մասունքներու օրհնութիւնը: Մասունքները ամփոփուեցան յուշակոթողին մէջ:

Այս առիթով ՍԵՄ-ական երիտասարդ-երիտասարդուհիներ խոստում տուին` շարունակելու նահատակ իրենց ընկերներուն պայքարի ուղին:

Այնուհետեւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշակոթողին դիմաց` ՀՅԴ Բիւրոյի, հալէպահայ համայնքապետներու, նահատակներու պարագաներու, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Գէորգեանի, հալէպահայ միութիւններու անունով` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն:

Արման Տէր Պետրոսեան ասմունքեց նահատակներուն նուիրուած քերթուած մը:

Հուսկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսք առնելով ըսաւ.

«Մէկ շաբաթ առաջ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ընկերակցութեամբ այցելեցինք Երեւանի Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ հալէպահայ երեք նահատակներու շիրիմները եւ կասկած չկար մեր սրտին մէջ, որ կապ պիտի հաստատուէր իրենց շիրիմներուն եւ Հալէպի մէջ այսօրուան ձեր կանգնեցուցած յուշակոթողին միջեւ` այստեղ բերուած իրենց մասունքներուն միջոցով:

Երեք երիտասարդ հերոսները լաւագոյն խորհրդանիշները դարձան հայրենիքի եւ սփիւռքի միասնութեան: Երեք նահատակներ, որոնք կրակ ունէին իրենց աչքերուն մէջ եւ Եռագոյն` իրենց սրտերուն մէջ: Հերոսներ, որոնք նախապէս ալ մասնակցած էին հայրենիքի փրկութեան սուրբ գործին, իրենցմէ ոմանք պարգեւատրուած էին նաեւ մարտական շքանշաններով… Եւ ահա՛, արցախեան վերջին պատերազմի վերջին օրերուն, անոնք նուիրեցին իրենց այն գերագոյնը, որ կարելի էր ակնկալել դաշնակցական երիտասարդներէ: Անոնք, իրենց երդումին հաւատարիմ, ուղղուեցան գերագոյն զոհողութեան, որպէսզի ապրի հայրենիքը, փրկուի բանակը, շնչէ Արցախը:

Որքան մեծ է ցաւը, երբ անձնապէս կը ճանչնաս զիրենք եւ իրենց ծնողներու աչքերուն մէջ կը տեսնես ահաւոր կորուստի ցաւը: Անոնց ընկերներուն, ծնողներուն, հարազատներուն միակ մխիթարանքը այն է, որ իրենց շնորհիւ փրկուեցաւ Արցախը եւ այսօր կը գոյատեւէ ան:

Այսօր թէեւ աշխարհաքաղաքական պայմանները, միջազգային մարտավարական դաշնակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ապիկար իշխանութեան առկայութիւնը աղէտի առաջնորդեցին Արցախի պատերազմի արդիւնքը, սակայն մենք` իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութիւն, վճռականապէս կը հաստատենք, որ ինչ որ պատահեցաւ անցեալ աշնան լոկ ճակատամարտի մը կորուստն էր: Պատերազմը կը շարունակուի, որովհետեւ մենք վճռած ենք վերականգնել Արցախը, մենք վճռած ենք դէմ դնել մեր թշնամիին:

Սիրելինե՛ր,

Յարութը, Մոսիկն ու Յակոբը եկան միանալու այն մեծ փաղանգին, որ ազատագրեց Արցախը ութսունական թուականներու վերջաւորութեան եւ իննսունականներու սկիզբը, ապա կերտեց փառապանծ յաղթանակ 1994-ի զինադադարով: Հալէպահայ նահատակները միացան այն փաղանգին, որ դէմ դրաւ թշնամիին 2016-ի պատերազմին: Եւ ահա՛, վերջին այս ճակատամարտին, որ թէեւ աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ, մեր նահատակները յոյս ներշնչեցին նորահաս սերունդներուն` շարունակելու իրենց գործը: Փաստը` այսօր, ի ուրախութիւն բոլորիս, իրենց գործի շարունակութեան խոստում տալու համար այստեղ կանգնած հալէպահայ երիտասարդներն են: Այս խոստումը լաւագոյն գրաւականը պիտի հանդիսանայ այն համոզումին, որ մեր նահատակները յաջողեցան փոխանցել ջահը, հաւատքը, հաստատակամութիւնը, որոնց շնորհիւ մենք երբեք պիտի չնահանջենք:

Պատի՛ւ Յարութներուն, Մոսիկներուն, Յակոբներուն եւ բազմահազար իրենց ընկերներուն, որոնք իրենց արեան գնով փրկեցին Արցախի այն մասը, որ կը գոյատեւէ այսօր:

Երեք օր առաջ Արցախ էի: Արցախի ժողովուրդը կը խոնարհի իրենց յիշատակին առջեւ, նախապէս ալ Հայաստան էի, եւ այսօր կը տեսնեմ, որ Հայաստանի իրենց ընկերները եւս այս յուշակոթողի բացման առիթով ուղարկած են իրենց ծաղկեպսակը: Սա լաւագոյն խորհրդանիշն է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան:

Փա՛ռք իրենց յիշատակին, որովհետեւ իրենցմով պիտի ներշնչուին սերունդներ:

Փա՛ռք իրենց յիշատակին, որովհետեւ գործնականացուցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խորհրդանիշին մէջ պատկերուած սուրին դերակատարութիւնը:

Փա՛ռք իրենց յիշատակին, որովհետեւ կրցան ամէն գնով ոտքի կանգնեցնել ժողովուրդը, յուսահատական պահուն անգամ չվհատելու, նոյնիսկ իրենց արիւնը խառնելով հայրենի հողին:

Փա՛ռք Յարութին, Մոսիկին եւ Յակոբին, սուրիահայութեան լաւագոյն խորհրդանիշներուն, որոնք կը պայքարին ի յաւերժացումն հայրենիքի, ի սէր ժողովուրդի եւ ի պաշտպանութիւն համահայկական մեր իտէալներուն:

Անոնք զոհուեցան Արցախին համար, որ խորհրդանիշն է Միացեալ Հայաստանի կերտման առաջին փուլին»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.