Կարգաւորման Նախապայմաններ
Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը, որ իր պետութիւնը պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, նոր անկիւնադարձային նշանակութիւն չունի անպայման: Նորութիւն չէ ասիկա: Յատկապէս պատերազմէն ետք Թուրքիան եւ իր կրտսեր եղբայրը նման պայմանական յայտարարութիւններով հանդէս եկան. եթէ Երեւանը ողջմիտ քայլեր առնէ, ապա երկու պետութիւնները պատրաստ են յարաբերութիւններու կարգաւորման: Ամբողջ պայմանականութիւն մը կամ նախապայմանային քաղաքականութիւն մը ամփոփուած է այս բանաձեւին մէջ:
«Եթէ»-ն ամրագրուած է նաեւ Շուշիի հռչակագիրին մէջ, որ հիմնականին մէջ թուրքեւազրպէյճանական միացեալ հայեցակարգ էր հայկական խնդիրներու ընկալման եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ համակարգուած գործողութիւններու ձեռնարկելու առումով:
Եւ հիմա այս յայտարարութիւնը: Անոր բովանդակութիւնը թէ՛ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի եւ թէ՛ տարածքային պահանջատիրութենէն հրաժարումի քայլերու ակնկալութիւնն է Երեւանէն: Երբ կ՛ըսուի, որ պատմութեան հետ կապուած միակողմանի պահանջները պէտք չէ պատճառ դառնան թշնամանքի, ապա կը պայմանականացուի կարգաւորումը` Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջէն հրաժարումով:
Ապա, երբ տարածաշրջանին մէջ կառուցողական մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը կը բացատրուի դրացիական յարաբերութիւնները զարգացնելով, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքները յարգելով: Այս սկզբունքներուն հիման վրայ է, որ ըստ Էրտողանի, Թուրքիան պատրաստ է աստիճանապէս կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Այստեղ կայ որոշ մանրամասնութիւն, որուն ծալքերը տակաւին պարզ չեն. Թուրքիոյ նախագահը այս յայտարարութիւնը կատարած է իբրեւ արձագանգ Երեւանէն այս ուղղութեամբ շարժելու պատրաստակամութեան մասին:
Այս յայտարարութենէն առաջ Հայաստանի վարչապետը Թուրքիայէն յղուող դրական ազդակներու մասին կը խօսէր: Ուրեմն պարզ չէ դրական գործընթացի նախադրեալներու մեկնարկի բուն հասցէն: Փաշինեանը Անգարային կը վերագրէ այդ հանգամանքը, մինչ Էրտողանը` Երեւանին:
Տարածքային ամբողջականութեան յարգումի սկզբունքը իրաւական բաժին ունի բնականաբար. կ՛ենթադրէ յատուկ պայմանագիր փոխադարձ տարածքային ամբողջականութիւններու ճանաչման. իսկ ասիկա արդէն մեր պատմական իրաւունքներու` տարածքային առումով հրաժարումի համազօր իրաւական յանձնառութիւն է:
Ո՛չ միայն. որովհետեւ երբ բարի դրացիութեան մասին կը խօսուի եւ տարածաշրջանային տարողութիւն կը տրուի, դրացի է նաեւ ` Ազրպէյճանը. ուրեմն տարածքային ամբողջականութեան կէտը կը վերաբերի նաեւ Ազրպէյճանին եւ ըստ էութեան առ երեւոյթ երկրորդ կարգի նշանակութիւն ստացած երրորդ նախապայմանը` Արցախի խնդիրի ազրպէյճանանպաստ լուծումի նախապայմանը եւս կը վերադառնայ օրակարգ: Տարբերութիւնը այստեղ այն է, որ նախապատերազմեան ժամանակահատուածին Արցախէն հայկական ուժերու հեռացումը առաջին նախապայմանն էր. հիմա ստացած է անուղղակի ձեւ:
Նախապայմաններու գործադրութեան համար Թուրքիոյ նախագահը երկու գերակայ ձեւաչափի ակնարկած է: Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան եւ վեցեակի հարթակի առաջադրանքին: Կը թուի, որ ապաշրջափակումն ու միջհարեւանական խնդիրներու կարգաւորումը ոչ թէ Անգարա-Երեւան կամ Պաքու-Երեւան, այլ տարածաշրջանային տարողութիւն ունի: Իսկ այստեղ գլխաւոր խաղցողներու դերերը առանցքային են: Հայկական դիրքերը թոյլ են, մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմի արդիւնքներէն ետք:
ԱԶԴԱԿ