Կասկածելի Գրողներ Հակահայկական Քարոզչութիւն Կը Տարածեն
Յարութ Սասունեան
Հայերը խստօրէն կը դատապարտեն եւ կը մերժեն կասկածելի դրդապատճառներ ունեցող անհատները, որոնք միջազգային մամուլի մէջ շատ կը գրեն Հայաստանի մասին ատելութեամբ ու կեղծիքով լեցուն յօդուածներ: Այս յօդուածներուն թշնամական բովանդակութիւնը կը ստիպէ ենթադրել, որ անոնք ազնիւ կարծիքի արտայայտութիւն չեն, այլ կ՛արտացոլեն գրողներու չար նպատակները: Եթէ մտնէք armeniapedia.org կայքը եւ նայիք «ամօթի հայկական սրահ» (Armenian Hall of Shame) բաժինը, ապա կը գտնէք քանի մը հարիւր նման հակահայկական թեմաներով գրողներու անուններ:
Օրինակ՝ Ճէյմզ Ուիլսըն անցեալ շաբաթ յօդուած մը գրած է`«ինչո՞ւ Ֆրանսա կը փորձէ ծառայել յօգուտ Ռուսիոյ» վերնագիրով, որ տեղադրուած է «EU Reporter» կայքին մէջ:
Ուիլսըն յայտարարած է, որ «Ֆրանսա կը սկսի զինամթերք մատակարարել Հայաստանի: Սկիզբը անիկա կը ներառէ 50 զրահամեքենայի մատակարարում, բայց ապագային կրնան ըլլալ նաեւ ֆրանսական «Միսթրալ» երկիր-օդ հրթիռային համակարգերու մատակարարումներ»: Ասիկա զուտ ենթադրութիւն է: Ուիլսըն վկայակոչած է անյայտ արցախցի մը, որ իբր թէ հայկական հեռատեսիլի միջոցով խօսած է Հայաստան հասնող ֆրանսական զինամթերքի մասին:
Ուիլսըն բացայայտած է այս յօդուածը գրելու իր իրական մտադրութիւնը` յայտարարելով, որ ուքրանական եւ մոլտովական լրատուական միջոցները հաղորդած են, թէ՝ «Երեւանին մատակարարուող արեւմտեան զինուորական արհեստագիտութիւնը կրնայ օգտագործուիլ ռուսերու կողմէ՝ ուքրանական զինուած ուժերու հակայարձակման հակազդելու նպատակով»: Այս բացարձակ անհեթեթութիւն է: Ուիլսըն գրած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Սեպտեմբեր 2022ին Փարիզ կատարած իր այցելութեան ընթացքին քննարկած է հայ-ֆրանսական ռազմական համագործակցութիւնը: Եթէ նոյնիսկ ասիկա ճիշդ է, ապա ինը ամիս անց ոչ մէկ ֆրանսական փամփուշտ ուղարկուած է Հայաստան…
Ուիլսըն այնուհետեւ մեղադրած է Հայաստանը` «Մոսկուա ուղարկուող իրանական զինամթերքի փոխադրման իբրեւ կեդրոն ծառայելուն մէջ»: Ասոնք կեղծ լուրեր են: Մոսկուա կարիք չունի Հայաստանը օգտագործելու, նման փոխադրումներու համար: Այնուհետեւ Ուիլսըն կեղծօրէն պնդած է, որ Հայաստան Ատրպէյճանի հետ բախումներու ժամանակ օգտագործած է իրանական անօդաչու սարքեր: Առանց որեւէ ապացոյց ներկայացնելու` ան պնդած է, որ Հայաստան առաքուող ֆրանսական զինամթերքը կրնայ տեղափոխուիլ Իրան: Անհաւատալիօրէն, Ուիլսըն եզրակացուցած է, որ ֆրանսական զինամթերքի առաքումները Հայաստան` «Ֆրանսան կը դնէ Իսրայէլի հետ բախման ճամբուն վրայ», Ատրպէյճանի հետ անոր ունեցած ռազմական դաշինքին պատճառով:
Ո՞վ է Ճէյմս Ուիլսըն եւ ինչո՞ւ այսպիսի ահաւոր բաներ կը գրէ Հայաստանի մասին: Ան պրիւքսելաբնակ անգլիացի մըն է, որ աշխատած է իբրեւ քաղաքական խորհրդատու, հիմնականին մէջ Արեւելեան Եւրոպայի յաճախորդներու համար, ըստ POLITICO-ի: Ան գրեթէ երկու տասնամեակ անցուցած է Հոնկ Քոնկի կառավարութեան մէջ: 2000ականներու կէսերուն հիմնած է MacMillan լոպիիստական խորհրդատուական ընկերութիւնը` նախ Ուքրանիոյ, ապա Պրիւքսելի մէջ: Ան Պրիւքսելի մէջ Եւրոմիութեան (ԵՄ) քաղաքական զեկոյցի (EU Political Report) հրատարակիչն ու գլխաւոր խմբագիրն է եւ 2019ին հաստատուած՝ Brussels ThinkLab-ի խորհրդատուական ընկերութեան համահիմնադիրը:
Մարք Սքաթ POLITICO-ի մէջ գրած է երեք մասէ բաղկացած ծաւալուն յօդուածաշարք մը, որ կը բացայայտէ Պրիւքսելի խորհրդատուներու թաքուն աշխատանքը` «Պրիւքսելի լոպիինկի ետին գտնուող կապերու ցանցը. հակառակ երկարատեւ թափանցիկութեան ճիգերուն, փուչիկին մեծ մասը կը մնայ անթափանց» վերնագրով:
Ահա՛ թէ ինչպէս EU Reporter-ի հրատարակիչ Քոլին Սթիւընզ ներկայացուցած է իր ընկերութիւնը YouTube-ի տեսահոլովակին մէջ. «Մեր առեւտուրի նմոյշն է` հնարաւորութիւններ առաջարկել կուսակցութիւններուն, գործարքներուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն, արդիւնաբերական ընկերութիւններուն, ֆինանսական հաստատութիւններուն եւ կառավարութիւններուն` օգտագործել EU Reporter-ը` ազդելու համար եւրոպական քաղաքական որոշումներու կայացման գործընթացին վրայ` հովանաւորելով լուսաբանում եւ անոնց կապուած դրական լուրերու եւ խմբագրական մեկնաբանութիւններու տեղադրում»:
POLITICO-ն պատասխանած է. «Բարի գալուստ ԵՄ լոպիինկի մութ աշխարհ` հանդերձաւորուած լրագրութեան հագուստով: Ըստ երեւոյթին, Սթիւընս չունի որոշակի օրակարգ կամ չ՛աշխատիր իբրեւ լոպիիստ: Բայց անոր ընկերութիւնը միջոց տրամադրած է շարք մը ընկերութիւններու եւ կառավարութիւններու` իբրեւ պարկեշտ լրատուական յօդուածներ հրապարակելու համար վճարովի բովանդակութիւն, առանց սակայն այդ կապերը բացայայտելու»:
EU Reporter-ի կայքին մէջ տեղադրուած են տասնեակ հակահայկական եւ ատրպէյճանամէտ յօդուածներ: POLITICO բացայայտած է, որ EU Reporter հրապարակած է «Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ հովանաւորուող գրառում…: Ղազախիստան եւ Ատրպէյճան երկուքն ալ ստացած են լայնածաւալ դրական լուսաբանում կայքի մէջ` հարցեր բարձրացնելով խմբագրական չափանիշներու եւ վճարովի բովանդակութեան ճիշդ նշուած ըլլալու մասին»:
Ահա՛ թէ ինչպէս աշխատած է ատրպէյճանամէտ քարոզչութիւնը. 2020 թուականի արցախեան պատերազմէն ետք, «ՄԱԿ-ի մէջ Պաքուի ներկայացուցիչը նամակ յղած է գլխաւոր քարտուղարին` պնդելով, որ ամիսներ շարունակուող պատերազմի ընթացքին Հայաստան ապաւինած է ահաբեկիչներու եւ օտարերկրեայ մարտիկներու վրայ: Անոր վկայակոչած ապացոյցներու շարքին էին EU Reporter-ի մէջ հրապարակուած յօդուածները: Յօդուածներէն մէկուն մէջ, որ գրուած էր հակամարտութեան ընթացքին, կայքը կը մեղադրէր Հայաստանը` Սուրիայէն թուրք զինեալներ տեղափոխելու մէջ` երկրին զինուած ուժերը մարզելու համար: Մէկ այլ յօդուածի մը մէջ ան քննադատած է արեւմտեան լրատուական միջոցներու հաղորդագրութիւնները, որոնք կը մեղադրեն ոչ թէ Հայաստանը, այլ Ատրպէյճանը՝ օտարերկրեայ զինեալներ օգտագործելուն համար․․․: Ատրպէյճանցի երեք փորձագէտներ POLITICO-ի յայտնած են, որ պատերազմի ընթացքին Հայաստանի կողմէ օտարերկրեայ զինեալներու մասին պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան, եւ որ EU Reporter-ի կողմէ հակամարտութեան լուսաբանումը զգալիօրէն կողմնորոշուած է Պաքուի տեսանկիւնէն․․․: POLITICO չէ կրցած հաստատել, թէ արդեօք Ատրպէյճան վճարա՞ծ է EU Reporter-ին, դրական լուսաբանման համար: Սթիւընզ ըսած է, որ իր կայքը կը պահպանէ լիարժէք անկախութիւն, անիկա հաւասար չափով վերաբերած է Ատրպէյճանի, եւ որ բոլոր յօդուածները նշուած են իրենց հեղինակներուն անունով…: Այսուհանդերձ, լրատուական միջոցը եւ Պաքուն ունին գրեթէ մէկ տասնամեակի վաղեմութեան կապեր», կը գրէ POLITICO:
EU Reporter սովորաբար իր յօդուածներուն կ՛աւելցնէ նախադասութիւն մը` նշելով. «EU Reporter կը հրապարակէ յօդուածներ արտաքին զանազան աղբիւրներէ, որոնք կ՛արտայայտեն տեսակէտներու լայն շրջանակ: Այս յօդուածներուն մէջ արտայայտուած դիրքորոշումները պարտադիր չէ, որ համընկնին EU Reporter-ի դիրքորոշումներուն հետ»: Այս ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ «թզենիի տերեւ»` ծագումով կասկածելի յօդուածներու ետին պահուըտելու համար:
Ես գրեցի EU Reporter-ի հրատարակիչին` հետաքրքրուելով, որ արդէօք ան վճարա՞ծ է Ճէյմզ Ուիլսընի՝ «յօդուածը» գրելուն համար, եւ եթէ այո, ապա` որքա՞ն: Զարմանալի չէ, որ մինչ օրս ոչ մէկ պատասխան ստացած եմ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Comments are closed.