Լոյս Տեսած է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Ութերորդ Համարը

1 Օգոստոսին համացանցի վրայ հասանելի է ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 8-րդ համարը: Ամսագիրը թերթելով նկատելի է, որ էջերուն մէջ հիմնականօրէն ներկայացուած են Սեւրի պայմանագիրի նիւթը եւ երիտասարդութեան նուիրուած հրապարակումներ:

Երիտասարդութեան նիւթը տեղ գտած է նաեւ Վաչէ Բրուտեանի հեղինակած առաջնորդողին մէջ, որ ուշագրաւ անդրադարձն է 1970ականներուն Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած վերազարթօնքի շարժումին եւ ազգային իրաւունքներուն համար պահանջատիրական նորօրեայ պայքարին, որուն առանցքը, մասնաւորապէս, քաղաքականացուած երիտասարդութեան հին պայքարի նոր ասպարէզ ներգրաւումն էր: Գաղափարական այս կազմակերպուած շարժման փուլէն սկսելով Վ. Բրուտեան կ’անցնի կատարումին ժամանակակից աշխարհի հիմնահարցերուն եւ այն մարտահրաւէրներուն, որոնք ծառացած են այսօրուան հայ երիտասարդութեան առջեւ: Ոչ պատահականօրէն «Դրօշակ»ի ներկայ թիւի հեղինակներուն մէկ մասը նոյնպէս երիտասարդներ են:
Սեւրի Դաշնագիրի հարիւրամեակը, որ կը լրանայ սոյն թուականի 10 Օգոստոսին, «Դրօշակ»ը կարեւոր համարած է քանի մը հետաքրքրական յօդուածներով, որոնց խորագրերը պատկերացում կը ստեղծեն տուեալ հրապարակումներու ըսելիքի մասին. Սեդօ Պոյաճեան. «Սեւրի Դաշնագիրը Հայոց Ազգային Ուխտին Պատուանդանն է»,
Արամ Սայիյեան. «Սեւրը եւ Քիւրտերը», Մելինէ Անումեան. «Թուրքիոյ Մղձաւանջը. Սեւրի Պայմանագիրի Շուրջ Թրքական «Գիտական» Շրջանակներու Նոր Մօտեցումները» եւ Վրէժ-Արմէն. «Սեւրէն Մինչեւ Տաւուշ»:
«Դրօշակ»ը չէր կրնար չանդրադառնալ նախորդ ամսուան ընթացքին Տաւուշի սահմանագիծին տեղի ունեցած ռազմական բախումին: Տուեալ իրադարձութիւնները ներկայացուցած ու մեկնաբանած է ռազմական վերլուծաբան Արթուր Եղիազարեան:
Օգոստոսեան համարին մէջ տեղ գտած է նաեւ 124 տարի առաջ այս նոյն ամսուն տեղի ունեցած պատմական կարեւորագոյն իրադարձութեան արձագանգող. «Պանք Օթոմանի Գրաւումը եւ «Զուգակցուած հարուածներու» Մարտավարութիւնը Հայկական Հարցի եւ Ազատագրական պայքարի » հետաքրքրական յօդուածը, որուն հեղինակը «Դրօշակ»ի ընթերցողներուն ծանօթ, պատմաբան, Անի Մելքոնեանն է:
Հերթական այս համարով «Դրօշակ»ը կը փաստէ, որ կարեւոր կը համարէ բնապահպանութեան նիւթը կեդրոնանալով Հայաստանի բնապահպանական հարցերուն վրայ: ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմնի շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ բնական աղբիւրներու յանձնախումբի նախագահ Արեգ Ղարաբէկեան «Դրօշակ»ի ընթերցողին այս անգամ ներկայացուցած է «Կենսոլորտային Պահպանավայր. Էութիւնն ու կիրառման անհրաժեշտութիւնը Հայաստանում» յօդուածը:
«Տարածաշրջանային» խորագիրի ներքոյ կարելի է կարդալ Միքայէլ Հաճեանի. «Բարեփոխումներ» Ատրպէյճանի մէջ` Ընտանեկան Միապետութեան Ամրապնդման Հեռանկարով» յօդուածը, որուն մէջ ուշագրաւ տեղեկութիւններ ներկայացուած են ատրպէյճանական բռնապետական ընտանիքին եւ այս խոհանոցին մէջ կարելի յառաջիկայ փոփոխութիւններուն մասին:
«Դրօշակ»ի համարը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէի ներքոյ:

Ներբեռնել համարը Դրօշակ թիւ 8, 2020

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.