Իրական աճի անվիճելի նախապայմանը
Անկախ այն բանէն, թէ գաղափարախօսական ի՞նչ դիրքերէ կը փորձենք վարել ՀՀ տնտեսութիւնը, կարևոր է, որ մեր տնտեսական քաղաքականութիւնը հիմնուի ոչ-գնաճային (non-inflationary) միջոցառումներու համակարգուած փաթեթի մը վրայ։ Առանձին նախաձեռնութիւններ կրնան որոշ գնաճային ռիսքերու առաջնորդել և տակաւին ընդունելի ըլլալ (ազգային պաշտպանութեան, ընկերային և մշակութային շարժառիթներէ մղուած), որքան ատեն որ տնտեսական փաթեթը, իր ամբողջութեանը մէջ, յստակօրէն միտի ներքնապէս հաւասարակշռելու յիշեալ գնաճային ռիսքերը և երաշխաւորէ փաթեթին առողջ ելքը դէպի տնտեսական իրական աճ։
Այս նախապայմանին ենթակայ են իշխանութեան ձգտող բոլոր քաղաքական ուժերը անխտիր։ Ներառեալ՝ Դաշնակցութի՛ւնը որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն։ Այսօր, Հայաստանի քաղաքական բեմի բոլոր քաղաքական ուժերը պարտաւորուած են հանրութեան սեղանին վրայ դնելու տնտեսական քաղաքականութեան այնպիսի մէկ կերպար (model), որ գոհացուցիչ երաշխիքներ կը հայթայթէ հետևեալ երեք նախապայմաններու իրագործման համար.
(ա) Փաթեթը — իր չափագրելի արդիւնքին մէջ — պիտի ըլլայ ոչ-գնաճային։
(բ) Փաթեթը — իր չափագրելի արդիւնքին մէջ — պիտի չաւելցնէ Հայաստանի արտաքին պարտքը։
(գ) Փաթեթը ծնունդ պիտի տայ տնտեսական իրական աճի։ Ասիկա նախապայմաններուն նախապայմանն է։ Հայաստանի տնտեսութեան ոսկեայ օրէ՛նքը։
Թէ ինչպէ՞ս քաղաքական ուժերէն ամէն մէկուն տնտեսական ծրագիրը կը հասնի վերոյիշեալ թիրախներու իրագործման և թէ ինչպէ՞ս իր ստեղծելիք տնտեսական աճը կը տանի տնտեսական համակարգի արմատական յեղաշրջման, արդիականացման, աղքատութեան նուազման, արտագաղթի կասեցման, վերաներդրումային ոլորտի աշխուժացման և ներառական տնտեսութեան այլ նպատակներու իրագործման, այդ անյայտներու (variables ) աւազանին մէջն է, որ երևան պիտի գան մեր գաղափարախօսական տարբերութիւններն ու ռազմավարական առաւելութիւնները։ Մենք այս ճակատներուն վրայ է, որ պիտի մրցինք իրարու հետ։ Ո՛չ՝ վերոյիշեալ երեք կէտերուն վրայ։ Պարզ խօսքով, մեզմէ անոնք, որոնք վերոյիշեալ երեք թիրախներու իրագործման նախապայմանները չեն կրնար գոհացնել իրենց տնտեսական քաղաքականութեամբ, պէտք է մերժուին հանրութեան կողմէ, քանի որ անոնք լուծում չունին այսօրուան մեր հարցերուն։
Տնտեսական իրական աճը կենսական է Հայաստանի տնտեսութեան համար և ան անսակարկելի է, քանի որ ան է միայն, որ կրնայ «ֆինանսաւորել» մեր պետական անկախութիւնը։ Գնաճային միջոցառումներով հասարակական բարօրութեան կարելի չէ հասնիլ։ «Բարօր բայց տկար» կամ «բարօր բայց պատանդ» «տկար բայց ապահով» ցնդաբանութիւններու համար չէ Հայաստանը։ They belong to the lose-lose territory and must be rejected outright. Հայաստանը պէտք է հեռու պահէ ինքզինք այդպիսի քաղաքական փորձութիւններէ։ Ընդհակառակն բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք գործեն այն յստակ համոզումով, որ առողջ տնտեսական աճը մեր տնտեսութեան ազատութիւնն է և փրկութեան միակ վստահելի բանալին։ Եւ ան պէտք ունի խթանուելու։ Հայոց պետութիւնը պիտի քաջաբար և վճռականօրէն տնօրինէ իր ազատութիւնը։ Ապաւինիլ միայն բնական օսմոզային հոլովոյթներու (trickle down economy) կարելիութեան վրայ (ինչպէս ներկայ իշխանութեան նոր-ազատական տնտեսութեան ջատագովները կը թուին ընել) և մեծահոգաբար յաւելումներ բաշխել հասարակութեան (հարկային համահարթեցում, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում, ևն.) խաբող քաղաքականութիւն է, որուն ծանր գինը ի վերջոյ աշխատաւորութիւնն է, որ պիտի վճարէ։ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ կեղծ տնտեսութեամբ գործելու այդ գաղափարը։ Այսօրուան հարցերը պիտի լուծուին այսօր։ Անոնք պիտի չբարդուին ապագայ սերունդներու վզին։
Մեր երկրի լինելիութեան գործը այսօրուան օրակարգն է։ Այս պատասխանատւութեամբ է, որ կը գործէ Դաշնակցութիւնը։ Այս պատասխանատւութիւնն է, որ ան պիտի շարունակէ պահանջել բոլորէն։ Թէ՛ Վարչապետ Փաշինեանի կառավարութենէն, թէ՛ բոլոր միւս նոր-ազատական տնտեսութեան նորմերուն զինուորագրուած ուժերէն, թէ՛ սոցիալ-դեմոկրատիայի դեռ չկազմաւորուած շերտերէն և թէ՛ մանաւանդ ինքզինքէն՝ պատասխանատու և արդիապաշտ ընկերվարութեան դրօշակիրը հանդիսացող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն։
Կարօ Արմենեան
Յուլիս 5, 2019 Ուաշինկթըն