Իշխան Սաղաթէլեան. «Փաշինեանը Որեւէ Կապ Պէտք Չէ Ունենայ Ընտրութիւններուն Հետ»
15 փետրուար 2021-ին, «Ազատութեան» հրապարակին վրայ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի կազմակերպած քաղաքացիներուն հետ հանդիպումին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներուն հետ զրուցելով յայտնեց, որ ահաւոր անվստահութիւն կայ կառավարութեան նկատմամբ, որ միշտ կը ստէ ժողովուրդին: «Ասիկա սուտասաններու, չարիքի կառավարութիւն է, իսկ մեր շարժումը կը շարունակուի, 20 փետրուարին տեղի պիտի ունենան մեր գլխաւոր հաւաքը, բողոքի, անհնազանդութեան շարժումները Երեւանի մէջ եւ Երեւանէն դուրս. օր առաջ այս իշխանութիւնը պէտք է հեռացնենք, որպէսզի փրկենք մեր երկիրը», նշեց ան:
Ըստ Սաղաթէլեանի, խայտառակ յայտարարութենէն ետք կառավարութիւնը նոր փաստաթուղթեր կը ստորագրէ թշնամի երկրին հետ: «Ես կ՛ենթադրեմ, որ հիմա Դաւիթ Բեկ գիւղին հետ կապուած լուրջ խնդիրներ կան, եւ պիտի տեսնենք այն պատկերը, որ եղաւ միւս տարածքներուն պարագային: Ես չունիմ փաստաթուղթեր, բայց կայ տեղեկութիւն, որ հիմա կը քննարկուի այդ հարցը. ասիկա է իրականութիւնը: Այս կառավարութիւնը շատոնց որեւէ առնչութիւն չունի հայ ժողովուրդին հետ եւ անիկա կը սպասարկէ այլ երկիրներու շահերուն», նշեց ան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը անգամ մը եւս կոչ ուղղեց հանրութեան` փողոց ելլելու եւ ձեւաւորելու նոր կառավարութիւն, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ պիտի կարենայ դիմակայել երկրին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները:
Սաղաթէլեան յայտնեց, որ հանրութիւնը աշխուժ կերպով բողոքի շարժումներուն չի մասնակցիր, որովհետեւ մեծ հիասթափութեան մէջ է: Ըստ անոր` իրենց նպատակին հասնելու համար կան քանի մը ծրագիրներ, բայց իրենք տակաւին կ՛ընթանան առաջին ծրագիրով` համաժողովրդական զանգուածային ճնշման տակ հեռացնել այս իշխանութիւնները:
Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց նաեւ, որ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պէտք է պատշաճ կերպով արձագանգէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ քաղաքական այն որոշումներուն վրայ, որոնք զիջումներ կը պարտադրեն: Արտահերթ ընտրութիւններու առումով ան շեշտեց, որ Փաշինեան որեւէ կապ պէտք չէ ունենայ ընտրութիւններուն հետ: