Թուրքիոյ «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան ղեկավարը Հայերը Թուրքիայէն Վտարելու Կոչ Ըրած է
2614
0
Թուրքիոյ «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Մուսթաֆա Տեսթեճին հանդէս եկած է հայատեաց յայտարարութեամբ` կոչ ընելով երկրի ղեկավարութեան անմիջապէս արտաքսելու Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերը:
Այս մասին կը յայտնէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով թրքական T24 լրատուական գործակալութիւնը:
Տեսթեճին ընդգծած է, որ «Թուրքիան պէտք չէ որեւէ յարաբերութիւն ունենայ Հայաստանի հետ, սահմանը պէտք չէ բացուի»:
Խօսելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն մասին` ան կոչ ըրած է արտաքսել երկրին մէջ բնակող, սակայն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն չունեցող հայերը: