ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ «ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆԹՐԻՔ»Ը ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
1214
0
Տարիներու վրայ երկարող գեղեցիկ աւանդութեամբ մը, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող եկեղեցիներուն հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողները, ազգային բարերարներն ու Առաջնորդարանին բարեկամները, Շաբաթ, 4 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի «Հայ Կեդրոն»ին մէջ ի մի խմբուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հրաւէրով, ուր հարազատ մթնոլորտի մէջ բոլորեցին «Առաջնորդի Ընթրիք»ը՝ ի նպաստ
Ազգային Առաջնորդարանին:
Աւանդական ընթրիքի երեկոն կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը ու Տէր եւ Տիկին Ալֆրէտ եւ Մարալ Պօղոսեան ամոլի նախագահութիւնը:
Ներկայ էին Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգհւոր Հովիւները, Լիբանանի Հանրապետութեան Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պարոն Գրիգոր Փոստաճեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Շքանշանակիրներ, Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:
Երեկոն սկսաւ բարի գալուստի խօսքով, զոր արտասանեց օրուան հանդիսավարը՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան:
Բարի գալուստի խօսքէն ետք Հայր Սուրբը հրաւիրեց Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, որպէսզի կատարէ ճաշի օրհնութիւնը։
Յանուն Ազգային Վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թէրզեան:
Բարեշնորհ Վարուժան Սարկաւագ, Բարեշնորհ Յարութ Սարկաւագ եւ Բարեշնորհ Եսայի Սարկաւագ Հոգեւոր, ազգային եւ ժողովրդական երգերով ճոխացուցին երեկոն։
Ապա, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսաերիզ մը։
Փակման եւ Օրհնութեան խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, ապա իր գնահատանքը յայտնեց երեկոյթին յաջողութեան համար գործող բոլոր անձերուն, անփոխարինելի նպաստ բերող բոլոր նուիրատուներուն եւ ներկաներուն, որոնք եկած են զօրավիգ ու քաջալեր հանդիսանալու Ազգային Առաջնորդարանին ու անոր ազգօգուտ ծրագիրներուն: Իր խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս թուեց կարգ մը իրագործումներ, որոնք կատարուած են Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ, թէ Գանատայի, թէ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ բոլորը աշխատանքները կարելի է իրագործել հաւատալով անոնց տալիք արդիւնքին։ Եթէ կը վստահինք Աստուծոյ մեր բոլոր ծրագիրները օրհնեալ կը դառնան։
Ընթրիքը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով: