Զիրար չլսեցինք, մեզ չլսեցին, ունեցանք պատերազմը եւ պարտութիւնը
Յ. Պալեան
Ցեղապաշտութեան դատապարտումը, փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, գաղթականներու օժանդակութիւնը, ամենէն աւելի կարիքաւորներու հանդէպ զօրաշարժը, իրարու սերտօրէն կապակցուած աշխատանքներն են համաշխարհային քաղաքացիութեան սկզբունքին:
Յովհաննէս-Պօղոս սրբազան քահանայապետ
Քսան տարի առաջ, Մարտ 3, 2001-ին գրած մէկ յօդուածս կը կարդայի: Այն ատեն Սումկայիթի ցեղասպանական արարքներուն տասներորդ տարելիցն էր: Խորագիր՝ «Տասներեք տարի առաջ էր»: Հոն նշած էի, որ «Ընդհանրապէս լռութեամբ կը դիմաւորուի Սումկայիթը, ան մաս չի կազմեր Հայաստանի եւ Սփիւռքի կողմէ հետապնդուած քաղաքական խնդիրներուն: Դեռ չեմ հասկցած, թէ ինչո՞ւ միջազգային ատեաններու առջեւ որպէս ցեղասպանական ոճիր չի հետապնդուիր այս խնդիրը: Մանաւանդ, պէտք է ընդգծել միջազգային համայնքի պատասխանատուութիւնը, անոր համար, որ եթէ պատշաճ դիրքորոշում ունեցած ըլլար, Պաքուի աղէտը չէր պատահեր»:
Հիմա պէտք է արձանագրել նաեւ հետեւեալը, հասցէագրելով միջազգային համայնքին, որ ան իր արդարութեան եւ խաղաղութեան միտող ճառերը եթէ յարգած ըլլար, կանխուած կ’ըլլար 44օրեայ պատերազմը: Եթէ իրապէս հետապնդած ըլլայինք Սումկայիթի եւ Պաքուի ցեղապաշտական ոճիրները, զորս կոչեցին պոկրոմ, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը թերեւս նուազ յարձակապաշտ կ’ըլլային:
Ի՞նչ եզրակացնել: Ինչ որ պատահած է արձանագրե՞լ պատմութեան շահ-վնասին տոմարին մէջ եւ դարձնե՞լ էջը:
Պաքուի աղէտէն, հարիւրահազարաւոր հայերու բռնագաղթէն եւ անոնց իրաւունքներու եւ ինչքի իւրացումէն եւ կողոպուտէն ետք, այսօր հայոց հայրենիք Արցախը թուրք-ազերի բանակներու կողմէ անպատիժ կերպով գրաւման չէր ենթարկուեր, եթէ միջազգային համայնքը ինքզինք եւ իր սկզբունքները յարգած ըլլար: Քսան տարի առաջ նշած էի «թուրք-ազերիներու կողմէ հրէշային եղանակներով ջարդուած հայերու յիշատակը, մարդոց՝ որոնք սպաննուած էին, որովհետեւ հայ էին»: Հիմա Սումկայիթի ցեղասպանական արարքները եւ անոնց հետեւած Պաքուի դէպքերը դադրած են քաղաքական օրակարգ ըլլալէ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Մոռցուած է Սամուէլ Շահմուրատեանի անունը, անոր պատրաստած եղեռնագոծութեան զոհերու ցանկը՝ անուններով: Այդ եղեռնագործութիւններուն երեսուներեքերորդ տարելիցն էր այս տարի, բայց 44օրեայ պատերազմը եւ պարտութիւնը, եւ անոնց հետեւած ընկճուածութիւնը մոռցուցին այդ բոլորը, քանի որ դէմ յանդիման գտնուեցանք Արցախի կորուստին: Քսան տարի առաջ գրած յօդուածս եզրակացուցած էի ըսելով, որ «տարելի՞ց կամ կլոր թուակա՞ն պէտք է սպասել իրաւունք եւ արդարութիւն պահանջելու համար»:
Հիմա կը տարուիմ մտածելու, որպէս կատարուած իրողութիւն ընդունելով Սումկայիթի եւ Պաքուի ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՈՃԻՐՆԵՐԸ եւ զանոնք ըստ արժանւոյն չհետապնդելով, չմիջազգայնացնելով, հող պատրաստեցինք Արցախի դէմ գործուած նախայարձակման եւ անոր գրաւման, առանձին մնացինք: Միջազգային հանրային կարծիքը, հետեւաբար նաեւ պետութիւններ, լուռ մնացին, անոնց համար հրատապ խնդիր չէին հարցերը, չէինք յաջողած, կամ առաջնահերթութիւն չէինք համարած այդ ընել:
Պարտութիւն, թուրք-ազերի անզսպելի դարձած շարունակուող նախայարձակումներ եւ Հայաստանի ներքին կեանքի պառակտուածութիւնը, կանխագուշակել կու տան մտահոգիչ վաղորդայններ: Այս պայմաններուն մէջ քաղաքական հզօր ազդակ եւ զսպիչ ուժ կրնայ ըլլալ Սումկայիթի եղեռնագործութեան եւ Պաքուի հարիւրհազարաւոր հայերու պարտադրուած գաղթի միջազգայնացումը, բոլոր այն ատեաններուն առջեւ, որոնք կրնան ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վրայ: Այսօր քաղաքական օրակարգ պէտք է ըլլայ այս հարցերը հասցնել այդ ատեաններուն:
Այս ընելու համար, Հայաստան եւ սփիւռք, նախ մեր օրակարգին վրայ տեւաբար այժմէական պէտք է ըլլան Սումկայիթի եւ Պաքուի հարցերը: Վեց ամիս ետք անոնց 34րդ տարելիցը պիտի ըլլայ: Հայ զանգուածները պէտք է որ վերստին ոտքի կանգնին, պահանջեն Հայաստանի իշխանութիւններէն այս ուղղութեամբ գործակցութիւններ հաստատել արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հաւատացող եւ զանոնք յարգող կառավարութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ, հարցը դարձնելով համամադկային եւ միջազգային իրաւունքի խնդիր: Հայ եւ հայերու բարեկամ օրէնսգէտներ կրնան ցոյց տալ այն բոլոր կարելիութիւնները եւ ուղիները, որոնք կրնան առաջնորդել իրաւունքի վերականգնման, ՄԱԿի ընդհանուր ժողովէն մինչեւ Ապահովութեան Խորհուրդ եւ միջազգային Դատական Ատեաններ:
Բայց նախ մենք պէտք է հաւատանք անոնց կարեւորութեան եւ էական նշանակութեան մեր ժողովուրդի գալիքին համար:
Իրաւաբանական հիմնաւորումներով կարելի է ցոյց տալ, որ 1915ի ցեղասպանութիւնը, Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը եւ Ատրպէյճանի կէս միլիոն հայերուն պարտադրուած փախուստ-գաղթը նոյն ՑԵՂԱՊԱՇՏ միտումներով գործուած են, ցեղապաշտ պետութիւններու կողմէ, շարունակուող նոյն ցեղապաշտական գաղափարով, զոր ոչ ոք փորձած է կասեցնել: Միջազգային համայնքը չեմ ստորագնահատեր այն ենթադրութեամբ՝ որ տեղեակ չէին, չէին գիտեր: Անոնց պետական սպասարկութիւններու արխիւներուն մէջ հաւանօրէն շատ աւելի տուեալներ կան քան ինչ որ մենք գիտենք:
Ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, Միջազգային Համայնքը եւ իրենք զիրենք իրաւարարութեան կոչած ՄԵԾԵՐ, պարտաւոր են, յարգելի եւ վստահելի ըլլալու համար, համատեղ ճիգերով այս եղեռնագործութիւնները գնահատել որպէս ՑԵՂԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ եւ ըստ այնմ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒԻԼ, ԴԱՏԵԼ, ՎՃՌԵԼ եւ ՎՃԻՌՆԵՐԸ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ:
Բայց նախ այդ պահանջը մոռացումներու եւ անտեսումներու դարակը պէտքէ չէ դրուի մեր կողմէ:
Ոչ ոք ինքնաբերաբար նման քաղաքական-պատժական նախաձեռնութիւն կ’ունենայ, եթէ պահանջող չըլլայ: Իսկ մեր փոխարէն ոչ ոք այդ պահանջը պիտի ներկայացնէ:
Հետեւաբար, Հայաստան եւ սփիւռք տարակարծութիւնները գերանցելով, պէտք է ծնունդ տալ կողմերէն վեր ոչ-էսթէպլիշմընթական մասնագէտներէ բաղկացած մարմնի, զայն օժտելով անհրաժեշտ նիւթական միջոցներով եւ այլ կարելիութիւններով, ՀԱԿԱՑԵՂԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ըմբռնումներու եւ օրէնքներու նպաստով, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պայքարը այժմէականացնելով եւ առաջնորդելով:
Այս ընելու համար մեր տարբերութիւններէն անդին պէտք է նայիլ:
Ափսո՜ս գալիք սերունդներուն եթէ այս պայքարը չկարենանք կազմակերպել, առաջնորդել եւ յաջողիլ: