«Դիմադրութիւն» Շարժման Բազմամարդ Համապետական Հանրահաւաքը Եւ Քայլերթը

Շաբաթ, 18 յունիսին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժման համապետական բազմամարդ հանրահաւաքը:

Ելոյթներ ունեցան ընդդիմադիր պատգամաւորներ Տիգրան Աբրահամեանը, Թադեւոս Աւետիսեանը, Աննա Գրիգորեանը, Արամ Վարդեւանեանը, պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Արտակ Զաքարեանը:

Ընդդիմադիր գործիչները իրենց խօսքերուն մէջ հիմնաւորեցին այս իշխանութիւններու հրաժարականի հրամայականը, ներկայացուցին նոր տիպի պետութեան կառուցման իրենց տեսլականը: Անոնք նշեցին այն առաջնահերթութիւնները եւ ընելիքները, որոնք անհրաժեշտ են ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար:

«Զինուած ուժերու բարեփոխումներու հիմքը մարդն է` զինուորը, որ պէտք է ստանայ անհրաժեշտ մասնագիտութիւն, կրթութիւն, իսկ զուգահեռ ապահովուած ըլլայ ընկերային-կենցաղային բոլոր կարելիութիւններով: Մեր գերնպատակը պէտք է ըլլայ եղած սահմանափակ կարելիութիւններու պայմաններուն մէջ առաւելագոյն արդիւնք ունենալը: Առանց այս իշխանութեան հեռացման, որեւէ բարեփոխում պիտի չըլլայ», իր ելոյթին մէջ ըսաւ Տիգրան Աբրահամեան:

Թադեւոս Աւետիսեան իր խօսքին մէջ վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ կայ լիարժէք կարելիութիւն կայուն զարգանալու համար` առանց հայրենիքը զիջելու:

«Պետութեան դերն ու մասնակցութիւնը այս հարցին մէջ պէտք է դառնան առանցքային, գրագէտ, այլեւս ոչ երբեք` կրաւորական, անտարբեր եւ անպատասխանատու», ըսաւ ան:

«Հայաստանը կրկին պիտի ունենայ արտաքին քաղաքականութիւն, ինչ որ վերջին չորս տարիներուն չէ ունեցած», իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն Արտակ Զաքարեան:

Ան ընդգծեց, որ ճշգրիտ, հաւասարակշռուած, նպատակային արտաքին քաղաքականութիւնը մեր անվտանգութեան, հաստատուն խաղաղութեան, մեր կայունութեան, բարօրութեան, անկախութեան, ազգային արժանապատուութեան եւ մեր ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու իրագործման գլխաւոր երաշխաւորն է:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ «Դիմադրութեան» շարժման գլխաւոր նպատակը ուժեղ Հայաստան ունենալն է:

«Անոր հասնելու համար կայ անհրաժեշտ պայման` հեռացնել Նիկոլը, քանի որ անով ուժեղ, անվտանգ, բարեկեցիկ Հայաստան հնարաւոր չէ: «Դիմադրութեան» շարժման առաքելութիւնը Նիկոլը հեռացնելով պիտի չաւարտի: Զայն հեռացնելէ ետք շարժման գաղափարները եւ նպատակը պէտք է դառնայ պետութեան գործառոյթը, այսինքն` յաջորդ իշխանութիւնը պէտք է կարենայ դիմադրել եւ յաղթահարել այն բոլոր մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, որոնք ծառացած են մեր երկրին առջեւ: Անոր համար պէտք է կառուցել նոր որակի պետութիւն` արդիւնաւէտ կառավարումով, ուժեղ տնտեսութեամբ եւ հզօր բանակով: Մենք ատիկա կրնանք եւ պիտի ընենք միասին», ըսաւ ան:

 

Այնուհետեւ ան հանրահաւաքի մասնակիցները հրաւիրեց երթի:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Նիկոլ դաւաճան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» կը վանկարկէին երթին մասնակիցները, կը հնչէին հայրենասիրական երգեր:

Դիմադրութեան երթին մասնակիցները կանգ առին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մօտ:

«Մենք կը գտնուինք ըստ թուղթերու` հանրապետութեան նախագահի շէնքին դիմաց: Այս շէնքին մէջ, ցաւօք, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրը չէ, այլ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի նախագահի, որովհետեւ այստեղ կը պաշտօնավարէ մարդ մը, որ նոյն Հայաստանի, Արցախի շահերէն կը հրաժարի: Ամօթ», յայտարարեց Արամ Վարդեւանեան:

Երթը կանգ առաւ նաեւ Դեմիրճեան-Պռօշեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ` Փաշինեանի կառավարական առանձնատան մօտ: Երթի մասնակիցներուն անունով ելոյթ ունենալով` շարժման ներկայացուցիչ Հայկ Դերձեան ըսաւ. «Նիկոլ Փաշինեանը հեռացնելէ ետք անոր կառավարական տունը պիտի վերածենք մեր զինուորներու բուժման հարթակի, կառավարական տունը պէտք է ծառայէ ժողովուրդին»:

Քայլերթը հասաւ Ֆրանսայի հրապարակ, ուր հանրահաւաքը շարունակուեցաւ:

Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Այսօր անգամ մը եւս դուք վերջ դրիք այն բոլոր խօսակցութիւններուն, որ շարժումը կրնայ ետքայլ ունենալ, մարդիկ կրնան յոգնիլ: Վճռական, հաշուարկուած քայլերով այս պայքարը պիտի հասցնենք յաղթական աւարտին, Արցախը երբեք Ազրպէյճանի կազմին մէջ պիտի չըլլայ, դաւաճանները պիտի հեռացուին եւ վերջ», ըսաւ ան:

Ներկայացնելով անցնող շաբթուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները` ան նշեց, որ իրենք ստեղծած են անվտանգութեան ու պաշտպանութեան կոմիտէներ, ընկերային-տնտեսական, միջազգային կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքներու, քաղաքական յանձնախումբեր:

Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի, երկուշաբթի օրուընէ պիտի սկսին մարզերուն մէջ «Դիմադրութեան» օճախներու ստեղծման աշխատանքները:

Ան նաեւ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր չորեքշաբթի օր ժամը 19:30-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ շարժման պատասխանատուները պիտի հանդիպին քաղաքացիներու հետ` անոնց կարծիքները, առաջարկները լսելու համար:

Եկող շաբաթ ցոյցերը եւ գործողութիւնները պիտի շարունակուին, յաջորդ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ 24 յունիսին, ժամը 19:30-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ:

«Միութիւն, պայքար, յաղթանակ»` վանկարկեցին մասնակիցները:

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.