Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին Մէջ Սոչիի Պատուիրակութիւնը Փոխադրող Օդանաւը Հրթիռակոծուեցաւ
2037
0
Այսօր առաւօտ, Սոչիի պատուիրակութեան առաջին խումբը փոխադրող օդանաւը Դամասկոսի միջազգային օդակայան էջք կատարած պահուն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հրթիռակոծուեցաւ։
Պատուիրակութեան մաս կազմող Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան «Գանձասար»-ին յայտնած է. «Օդանաւին էջք կատարած պահուն, առաջին հրթիռը ինկաւ օդանաւէն քանի մը մեթր անդին, ապա երկու հրթիռներ եւս թիրախ դարձուցին օդանաւը։ Բարեբախտաբար վիրաւորուողներ չեղան։ Օդանաւն ալ չվնասուեցաւ: Ապահովական ուժեր անմիջապէս հարկ եղած կարգադրութիւնները ըրին եւ պատուիրակութեան անդամները ապահով կերպով դուրս բերին օդանաւէն ու օդակայանէն»։