ԳՈՅԺ ՄԵԹՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆԻ
1332
0
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եւ Թեմիս Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, Հոգեւորականաց Դասը եւ Հոգաբարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազգային Պատգամաւորներն ու Ազգային Երեսփոխանները ցաւով կը գուժեն մահը՝ Մեթր Վարդգէս Շամլեանին, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի 25 Ապրիլ 2022-ին, Մոնթրէալի մէջ։
Այս տխուր առիթով, բազմավաստակ, ազգային գործիչ Մեթր Վարդգէս Շամլեանի՝ Ազգային Թաղումը պիտի կատարուի, Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Մեթր Շամլեանի այրիին՝ Տիկին Իզապել Շամլեանին եւ իր զաւակներուն, թոռներուն ու հարազատներուն։
«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ