Բաղրամեանը Կը Վերածուի Հայաստանի Քաղաքական Օրակարգի Ձեւաւորման Եւ Համաժողովրդային Պայքարի Հրապարակի
1 մարտ 2021-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման հանրահաւաքը: Մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը` յայտնելով իրենց լիակատար աջակցութիւնը զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան:
ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ բազմաթիւ հայրենակիցներ, որոնք Հայաստանի տարբեր շրջաններէ տարբեր պատճառներով դժուարութիւն ունէին անցնող օրերուն մասնակցելու մեր հանրահաւաքներուն, այսօր գտած են շատ յարմար լուծում. Անոնք հասնելով Երեւան եւ հասկնալով, որ իրաւունք չունին մասնակցելու հողատուի հանրահաւաքին, քիչ քիչ կը միանան Հայրենիքի փրկութեան շարժումին, որովհետեւ կը հասկնան, որ չի կարող հայը ըլլալ տեղ մը, ուր պիտի հնչեն կարգախօսներ ընդդէմ բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ տարբեր համայնքներ, աշխատանքային խումբեր միացած են Հայրենիքի փրկութեան շարժումին: Ի դէպ, Բաղրամեան պողոտային վրայ կ՛իրականացուի ստորագրահաւաքի աջակցութիւն «ֆէյք»-ի գործով կալանաւորուած Ազգային ժողովի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արա Սաղաթէլեանի:
Հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ «Հայաստանը առանց Նիկոլի», «Նիկոլը դաւաճան է», «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսներուն ներքեւ:
«1 մարտին տեղի կ՛ունենայ երկու հանրահաւաք, որոնցմէ մէկը տեղի կ՛ունենայ այստեղ` նպատակը Հայոց ազգային բանակի կողքին կանգնիլն է: Արտառոցը այս պատմութեան մէջ այն է, որ հանրապետութեան հրապարակին վրայ Նիկոլ Փաշինեանը կատարած է հանրահաւաք` ի պաշտպանութիւն թրքական բանակի: Անամօ՜թ…», իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ Անդրանիկ Թեւանեան` աւելցնելով. «1 մարտ 2008-ին Փաշինեանի հրահրումով տեղի ունեցաւ ոճրագործութիւն եւ ողբերգութիւն, որուն պատճառով 10 հայորդի մահացաւ: Ատիկա անոր հայու արեան առաջին համտեսումն էր: Յետոյ այդ թիւը տասնապատկուեցաւ, հարիւրապատկուեցաւ, հազարապատկուեցաւ, եւ ան արդէն մօտ 10.000 հայորդիի համար պատասխանատու է»:
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդի անդամ Արփինէ Յովհաննիսեան հանրահաւաքի ընթացքին կարդաց Փաշինեանին ուղղուած նամակ մը` ակնկալելով ներկաներուն համաձայնութիւնը` հրապարակել Հայաստանի քաղաքացիներուն անունով:
Ըստ Արփինէ Յովհաննիսեանի, Փաշինեան այլ ընտրանք չունի, պէտք է հեռանայ: Ան իր նամակին մէջ նաեւ անդրադարձած է «Մարտի 1-ի» դէպքին, որուն մէջ կը տեսնէ նաեւ Փաշինեանի մեղքը. «Այսօր մարտի մէկն է` քու բազմաթիւ յանցանքներէդ մէկուն օրը: Կը յիշե՞ս ինչպէս 2008-ի մարտի մէկին ժողովուրդը թշնամացուցիր, հանեցիր իրար դէմ ու թռար, ինչպէս որ միշտ ու նորէն զոհեր տուիր», նշեց ան:
Զինուած ուժերու նախկին ընդհանուր հրամանատար, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար, զինուած ուժերու զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովը Բաղրամեան պողոտային վրայ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով բազմահազար քաղաքացիներ ողջունեցին բարձր ու երկարատեւ ծափահարութիւններով:
Դիմելով զինուած ուժերու սպաներուն, ան յիշեցուց, որ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան տարածած յայտարարութիւնը ստորագրած են ո՛չ միայն զօրավարներ, այլեւ բանակը, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ հրամանատարը չէր կրնար միանալ այն յայտարարութեան, որուն համաձայն չէ իր անձնակազմը. եթէ ան միացած է, ուրեմն խօսած է զինուորներու, պայմանագրայիններու հետ:
«Այդ յայտարարութեան տակ ստորագրած է մեր ամբողջ բանակը: Եւ ասիկա վերջն է: Նոյնիսկ Էրտողանն ու Ալիեւը կ՛անհանգստանան: Ինչո՞ւ կ՛անհանգստանան անոնք, որովհետեւ կը հասկնան, որ հայկական բանակը անոնց միշտ ջարդած է ու կը ջարդէ, մենք անպայման այդ ամէնը պիտի վերադարձնենք: Ես յարգանքով կը դիմեմ բոլոր զինուորականներուն, սպաներուն, պայմանագրայիններուն, բոլոր-բոլորին, գիտցէ՛ք, ժողովուրդը ձեզի հետ է, ան ձեզի մինակ չի ձգեր: Եւ ուրեմն` Ազգ, բանակ, յաղթանակ», ըսաւ ան:
Իր ելոյթին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան ըսաւ. «Մենք այսօր հաւաքուած ենք բանակին սատարելու, բանակը մենք բոլորս ենք ու այսօր կանգնած ենք հայկական բանակի կողքին»:
Իրաւապահ համակարգին Սէյրան Օհանեանը խորհուրդ տուաւ, որ չմտնեն բանակի գործերուն մէջ, որովհետեւ այնտեղ շատ դժուար փորձութեամբ անոնք կրնան անցնիլ:
Սէյրան Օհանեան ժողովուրդին կոչ ուղղեց սատար կանգնելու բանակին, որպէսզի մոլորութեան մէջ չըլլայ:
Կոչով դիմելով հաւաքուածներուն` Ռուբէն Մխիթարեան ըսաւ, որ այս հրապարակին վրայ հաւաքուած է ազգի սերուցքը:
«Չորս ամիսէ ի վեր բոլորիս համար ամէն օր 9 նոյեմբեր է: 9 նոյեմբերը կը շարունակուի ամէն առաւօտ, ամէն գիշեր, ու որպէսզի մենք կարենանք շրջել այդ էջը, որպէսզի նոր օր բացուի հայոց աշխարհին վրայ, բան մը պէտք է` առանց Նիկոլ Հայաստան», դիմելով հանրահաւաքի մասնակիցներուն ըսաւ ան:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ պէտք է շարժել իրենց ուժերը, քանի որ Փաշինեանը թքած ունի հասարակութեան, տնտեսութեան եւ ընկերային խնդիրներուն վրայ:
Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Տարօն Տօնոյեան եւ ընդդիմութեան միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան:
Տարօն Տօնոյեան դիտել տուաւ, որ պատերազմէն ետք տեղի ունեցաւ անհաւանականը` այս իշխանութիւնը, որ, ըստ բոլոր կանոններուն, պէտք է իր հրաժարականը տար եւ հեռանար, ընդհակառակն` մնաց իշխանութեան վրայ եւ շարունակեց բացուած վէրքերուն վրայ աղ դնել:
«Ասոնք վէրք դարմանող չեն: Կ՛ուզեն ապացուցել, որ իրենց համար իրենց աթոռը աւելի կարեւոր է: Երբ փողոցի ճնշումը աւելցաւ` անոնք արդէն նահանջեցին երկխօսութեան` ընտրութիւններու երթալու, երբ իրենց կը թուէր, որ փողոցի շարժումը մարեցաւ, անոնք ըսին` հանրային պահանջ չկայ: Ասոնց մտածելակերպը փողոցային մտածելակերպ է, իրենց համար զերօ արժէք ունի հայրենիքի անվտանգութիւնը, չէ՞ որ հայրենիքի անվտանգութիւնը կը թելադրէ` ընտրութիւններ պէ՞տք են, թէ՞ ոչ», ըսաւ Տարօն Տօնոյեան:
Ըստ անոր, այսօրուան իշխանաւորները 3 տարի շարունակ ազգը կիսեցին, բանակը հեղինակազրկեցին, հեղինակաւոր մարդիկը` գիտնականներ, մտաւորականներ, գործարարներ որակեցին «թալանչիներ»: Տօնոյեան այս բոլորին պատճառը նկատեց այն, որ այս իշխանութիւնները իրենց աթոռը աւելի կը սիրեն, քան մեր հայրենիքը:
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքը սկսաւ ըսելով. «Այս հրապարակը անգամ մը եւս կը յայտարարենք «Պայքարի հրապարակ», այստեղէն պիտի սկսի Հայաստանի ազատագրումը այս թուրքերէն»:
Ան դիտել տուաւ, որ 2 մարտին եւս պիտի շարունակուին բողոքի, անհնազանդութեան շարժումները, քանի որ Հայաստանի նախագահին եւ բանակին վրայ կը շարունակուին ճնշումները, իսկ ժողովուրդին ամէնօրեայ աջակցութիւնը շատ կարեւոր ու անհրաժեշտ է արդիւնքի հասնելու համար:
«Քիչ առաջ գերագոյն-գլխաւոր խելագարը այն միւս հրապարակին վրայ յայտարարած է, որ ինք ներողութիւն կը խնդրէ Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի ժողովուրդէն` իր գործած բոլոր սխալներուն համար: Եկէք շատ յստակ ըսենք` Նիկո՛լ, ներողութիւնը շատ քիչ է, ներողութիւն ըսելով մենք մեր կորսնցուցած տղաքը ետ չենք բերեր, ներողութիւն ըսելով Շուշին ու Հատրութը ետ չենք բերեր, մենք ներողութիւն ըսելով չենք բաւարարուիր` դուն պէտք է հեռանաս եւ վե՛րջ», յայտարարեց ան` աւելցնելով, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը նոյն օրը երթ չկատարեց` սադրանքներէ հեռու մնալու համար:
Վազգէն Մանուկեան Բաղրամեան պողոտային վրայ հաւաքուածներուն ըսաւ, որ անոնք ապացոյց են, որ արդէն մենք պիտի վերականգնինք, բանակը արդէն կը վերականգնի: «Գրեթէ ամբողջ ժողովուրդը այստեղ է, արդէն բոլորը մեզի հետ են նոյն ոգեւորութեամբ: Այս ժողովուրդն է, որ պէտք է նորէն վերականգնէ Հայաստանը, ստեղծէ բանակը, նուաճէ Արցախը, իր հզօրութիւնը ցոյց տայ», շեշտեց ան:
Վազգէն Մանուկեան նշեց, որ այս պայքարը վատ ղեկավարը փոխելու չի վերաբերիր, քանի որ մենք վատ ղեկավար չունինք, այլ մեր երկիրը նուաճած են թշնամիները: «Մենք ո՛չ միայն պէտք է վերականգնենք նախկինը, այլեւ աւելի բարձր մակարդակի պէտք է հասնինք: Մեր սխալներն էին, վրիպումներն էին, յանցագործութիւններն էին, որ հասցուցին անոր, որ թշնամին գրաւէ Հայաստանը, եւ եթէ նոյն ձեւով շարունակենք, նորէն թշնամիներ պիտի գրաւեն Հայաստանը: Մենք պէտք է վերածնինք նոր մակարդակով, իրար սիրելով, նոր երազանքներով, նոր ձգտումներով մեծ գաղափարներու, մեծ սկզբունքներու եւ ո՛չ միայն գոյատեւելու համար: Այսօրուան օրը ցոյց կու տայ, որ այդպէս պիտի ըլլայ, բայց մենք շատ աշխատանք ունինք», ընդգծեց Վ. Մանուկեան:
Վազգէն Մանուկեան յիշեցուց, որ Նիկոլ Փաշինեան Օնիկ Գասպարեանի հրաժարականի դիմումը կրկին ուղարկած է Արմէն Սարգսեանին, սակայն նախագահը ամուր կանգնած է, բայց եւ այնպէս անոր ամրութիւնը կախեալ է նաեւ մեր ամրութենէն, որքան մենք հոս ամուր կանգնած մնանք, այնքան ամուր պիտի ըլլայ նաեւ ինք, այնքան ամուր պիտի ըլլայ նաեւ բանակը: Ամբողջ Հայաստանը պէտք է ոտքի կանգնի, որ անխուսափելի ըլլայ վարչապետին հեռացումը, շեշտեց Մանուկեան:
Հանրահաւաքի աւարտին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց երթով ուղղուելու Հայաստանի նախագահի նստավայր եւ իրենց աջակցութիւնը ու սատարումը յայտնելու Հայաստանի նախագահին:
Ան նշեց, որ այսօր իրենք աւանդական դարձած երթ չեն կազմակերպեր, որպէսզի խուսափին Հանրապետութեան հրապարակէն մեկնարկած երթի մասնակիցներուն հետ բախումներէ:
«Չորեքշաբթի Ազգային ժողովին մէջ տեղի պիտի ունենայ կառավարութեան հետ հարցուպատասխան: Ըստ օրէնքի, վարչապետը պէտք է ներկայանայ խորհրդարան: Այդ օրը 16:00-ին կը հաւաքուինք այստեղ: Վաղը պիտի շարունակուին բողոքի, անհնազանդութեան ցոյցերը», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Երէկ` երկուշաբթի, 1 մարտ 2021-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով:
Հանրահաւաքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ պատրաստ են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, եթէ առաջարկը ընդունուի խորհրդարանական ուժերուն կողմէ:
Նոյն օրը, հանրահաւաքէն առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպում ունեցան:
Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան, նախագահն ու վարչապետը անդրադարձած են երկրի ներքաղաքական իրավիճակին:
Նոյն օրը Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որմէ կը բացակայէին հանրապետութեան նախագահն ու բանակի ընդհանուր հրամանատարը:
Քննարկուած են արտաքին եւ ներքին անվտանգային օրակարգին, մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղիներուն վերաբերող հարցեր: