Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները
2594
0
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը Յունուար 23-ին ընդունած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն:
՚Նախագահը ողջունած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի կայացումը Արցախի մէջ՝ զայն նկատելով կարեւոր ներքաղաքական իրադարձութիւն Արցախի հանրապետութեան համար:
Բակօ Սահակեան արժեւորած է ՀՅԴ-ի ներդրումը Արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի, պետականութեան ձեւաւորման ու կայացման, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման, հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ համազգային խնդիրներու լուծման ծիրէն ներս:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են նաեւ պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: