Արցախի մէջ ամուսնութիւններու 30% աճ արձանագրուած է
2516
0
Արցախի Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարութեան քաղաքացիական կացութեան գրանցման գործակալութեան տուեալներուն համաձայն` 2017 թուականի առաջին կիսամեակին Արցախի մէջ գրանցուած է 368 ամուսնութիւն՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ մօտ 30%-ով աւելի (283):
Ամէնէն շատ ամուսնութիւնները գրանցուած են մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ՝ 142 (նախորդ տարի՝ 86), շրջաններէն՝ Մարտակերտի մէջ՝ 52 (նախորդ տարուան ցուցանիշը՝ 40):