Արամ Մանուկեանի Արձանի Պաշտօնական Բացումը Չեղեալ Նկատելը Անխոհեմ Քայլ Պիտի Ըլլայ
«Արամ Մանուկեանի արձանի բացումը այլընտրանք չունի» քաղաքացիական նախաձեռնութեան հրաւէրով բազմաթիւ մարդիկ 1 յուլիսին, ի զօրակցութիւն Արամ Մանուկեանի արձանի պաշտօնական բացման, հաւաքուած էին Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ, Երեւանի մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ»-ը:
Նախաձեռնութեան անդամներէն Սեւակ Նազարեան դիտել տուած է, որ արձանի տեղադրման գծով ստեղծուած է արհեստական եւ ուշացած աղմուկ, սակայն կայ այն իրողութիւնը, որ պէտք է պաշտօնապէս բացումը կատարել արձանին այն մարդուն, որ համազգային պետականութեան կերտման մէջ ունեցած է առանցքային դեր, որուն միջոցով պիտի արժեւորուին առաջին հանրապետութեան հիմնադիր բոլոր այրերը` իբրեւ մեր պետականութեան իրական արժէքներ:
Ըստ անոր, տարիներ շարունակ խօսուած է Արամ Մանուկեանի արձանի կանգնեցման մասին, իսկ այսօր` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն 100 տարի ետք կարելի եղած է ձեռք բերել այս առիթը: «100 տարի անց մենք վերջապէս կրցանք կանգնեցնել արձանը մարդու մը, որուն պարտական ենք մեր հայրենիքի կերտման, մեր անկախութեան եւ պետականութեան գոյութեան համար», իսկ այսօր պէտք է ենթակայական կարծիքները մէկդի դնել եւ առիթ տալ նոր սերունդին, որ Երեւանի փողոցներով քալած ատեն միշտ տեսնէ Արամին արձանը եւ հպարտանայ անով, հասկնայ, որ ան կրողն է արժեհամակարգի մը` պետական բարձր գաղափարախօսութեան, որուն առաջամարտիկներէն մէկն էր Արամը:
Նախաձեռնութեան անդամներէն պատմաբան Խաչատուր Ստեփանեան եւս համառօտ ներկայացուցած է Արամ Մանուկեանի պատմական կերպարը, անոր դերը մեր պատմութեան եւ պետականութեան կերտման մէջ` դիտել տալով, որ ցաւալի է ցարդ անոր արձանի չգոյութիւնը: Ըստ անոր, այս արձանը անցած է անհրաժեշտ բոլոր փուլերը:
Անոր համաձայն, իրենք չեն քննարկեր արձանի գեղագիտական կողմը: «Արձանը կայ, տեղադրուած է, այսուհետեւ արձանի տեղադրման վայրի քննարկումները, արձանի պաշտօնական բացումը չեղեալ նկատելը յարիր չէ բոլորիս: Արամ Մանուկեանը համապետական գործիչ է, եւ արժանի է համազգային վերաբերմունքի: Անոր արձանը պէտք է անպայման պաշտօնապէս բացուի, անոր արձանով պէտք է նոր սերունդը ոգեւորուի: Կասկածի տակ չդնելով ընդդիմադիրներուն խօսքերը` արձանը կարելի էր աւելի լաւ վայրի մէջ տեղադրել` նոյնինքն Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ այս արձանի բացումը պէտք չէ ըլլայ: Մեր քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ, որ արձանի պաշտօնական բացումը անպայման տեղի ունենայ», եզրափակած է ան: