Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մտահոգիչ Են Հայաստան- Թուրքիա Բանակցութիւնները Եւ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան Մուտքի Արգիլումը»
955
0
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը կատարած է դիմատետրեան գրառում մը, որուն մէջ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան արգիլելու հարցին:
Գրառումին մէջ կը նշուի.
«Մտահոգիչ են վերջին օրերուն Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլման գծով: Նման երեւոյթներ կրնան բացասական հետեւանքներ ունենալ` մասնաւորաբար սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան վրայ: Անհրաժեշտ է, որ յստակ ու ամբողջական տեղեկութիւններ փոխանցուին հանրութեան»: