Ալիեւ Ուղղակիօրէն Յայտարարեց, Որ Խաղաղութիւնը Կարելի Է, Եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Փոխուի
- (0)

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաստատեց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին զրոյցներու ետին Պաքուի պայմաններուն գոյութիւնը՝ յայտարարելով. «Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ միւս փաստաթուղթերուն մէջ փոփոխութիւններու պարագային կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան հասնիլ»:
Միջխորհրդարանական միութեան նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին Ալիեւ պնդեց, որ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տէ ֆաքթօ խաղաղութիւն է եւ արդէն քանի մը ամիս է, որ երկու երկիրներու սահմաններուն հանդարտ իրավիճակ կը տիրէ»: Ան աւելցուց, որ գործընթացը իր տրամաբանական աւարտին հասցնելու համար պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել:
Սակայն Իլհամ Ալիեւ հաստատեց, որ Հայաստան ռազմականացման քաղաքականութիւն կը վարէ եւ անոր զուգահեռ «աշխարհաքաղաքական խարդաւանքներու նախաձեռնող է»:
Ան նաեւ Ֆրանսան խիստ քննադատութեան ենթարկելու առիթը չփախցուց՝ պնդելով, որ այդ երկիրը կ՛ուզէ՝ «հարաւային Կովկասի մէջ առաջատար դերակատարութիւն ստանձնել եւ ամրապնդել իր դիրքերը: «Ֆրանսայի այդ ջանքերը, սակայն, ապարդիւն են», յայտնեց Ալիեւ:
Ան նաեւ քննադատեց եւրոպական կառոյցները՝ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին՝ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները չհաստատելուն համար: «Եթէ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ատրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները չվերականգնին, Ատրպէյճան պիտի վերանայի Եւրոպայի խորհուրդին եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին իր մասնակցութիւնը», պնդեց ան:
Հայաստանի ընդդիմութիւնը օրերէ ի վեր կը պնդէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը Պաքուի պահանջով կ՛ուզէ որդեգրել նոր Սահմանադրութիւն մը, որուն թիրախը Անկախութեան հռչակագիրն է, որուն մէջ յիշատակում կայ Արցախի եւ Հայաստանի վերամիաւորման մասին:
Իշխանութիւնը կը հերքէ, որ դուրսէն այդպիսի պարտադրանք կայ: Սակայն, Ալիեւ արդէն բացէ ի բաց խօսեցաւ այս մասին եւ իր դժգոհութիւնը արտայայտեց:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան կը կասկածի, որ Հայաստան վճռական «ոչ» պիտի ըսէ Ատրպէյճանի պահանջին:
«Եթէ ադրբեջանական պահանջը, իսկ դա այդպէս է, եւ թուրքական պահանջը հիմա վերաձեւակերպուած է, որ հայ ժողովուրդը պէտք է հրաժարուի իր պատմական անցեալից, իր անժամանցելի իրաւունքներից, նոյնիսկ հազար անգամ եթէ դու համոզուած ես, քո ներքին համոզումով, որ դա լաւ բան է, չպէտք է անես: Որովհետեւ դու եթէ քո թշնամու ասածը անում ես, նշանակում է՝ դու ենթարկւում ես իր խաղի կանոններին», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Մինասեան: