Նոյեմբեր 11, 2026. Յիշատակի խորհուրդը եւ նահատակութեան անմահ հոգին
- (0)

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Գանատայի տարածքին յարգանքի եւ խոնարհումի համազգային ճշդապահութեանբ նշուեցաւ Նահատակաց յիշատակի օրը (Remembrance Day)՝ ի յիշատակ համաշխարհային պատերազմներուն եւ զինեալ հակամարտութիւններու ընթացքին իրենց կեանքը հայրենիքին ու մարդկութեան խաղաղութեան նուիրաբերած գանատացի զինուորներուն։
Ժիւլիէթն ու ես ներկայ գտնուեցանք Թորնհիլ շրջանի զինուորական յուշակոթողին առջեւ կազմակերպուած յիշատակի արարողութեան եւ, գլուխնիս խոնարհելով, մեր յարգանքի տուրքը մատուցինք նահատակներու անմեռ յիշատակին։ Յուշակոթողը, որուն ստեղծագործական կերտման մէջ նաեւ ներդրած եմ իմ տաղանդը, այդ պահուն ինծի համար միայն յիշատակի կրանիթեայ կոթող մը չէր, այլ՝ սերունդներու երախտագիտութիւնը, զոհողութեան վեհութիւնը եւ մարդկային յիշողութեան անջնջելի ուժը մարմնաւորող խորհրդանիշ մը։ Յուզիչ էր պահը, հոգեպարար՝ ապրումը։ Սակայն մինչ ֆիզիքական ներկայութիւնս կը միանար յիշատակի այդ հանդիսաւոր արարողութեան, միտքս կը սաւառնէր դէպի մեր հայրենի լեռնաշխարհը։ Ներաշխարհիս խորերէն կը բարձրանային Արցախեան գոյամարտի արիասիրտ նահատակներուն դէմքերը, անոնց կիսատ մնացած երազները, հայրենիքին համար իրենց կեանքը ընծայաբերած բազմահազար հայորդիներու յիշատակները։
Այդ վայրկեաններուն զգացի, թէ ինչպէ՛ս աշխարհագրական հեռաւորութիւնը կը չքանայ, երբ նահատակներու յիշատակը կը դառնայ համամարդկային խիղճի եւ ազգային յիշողութեան միացեալ ձայն։ Գանատայի հողին վրայ կանգնած՝ հոգիովս Արցախ էի, մեր լեռնաշխարհին մէջ, ուր հայրենի հողին կառչած հայ զինուորը, կամաւորն ու ազատամարտիկը իրենց կեանքի գնով պաշտպանեցին իրենց տունը, պատիւը, արժանապատուութիւնն ու ապրելու իրաւունքը։
Նահատակութիւնը սահմաններ չի ճանչնար։ Անոր խորհուրդը կը պատկանի բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք իրենց գոյութիւնը, ազատութիւնն ու ապագան պաշտպանելու համար զոհաբերութեան գերագոյն գինը վճարած են։ Յիշատակի այս օրը մեզի կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը ինքնաբերաբար նուիրուած պարգեւ մը չէ. անիկա յաճախ կերտուած է անանձնական զոհողութիւններու, արեան եւ մարդկային կեանքերու գնով։ Հետեւաբար, նահատակներուն հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի ծաղկեպսակով, լռութեան պահով կամ յիշատակի հանդիսութեամբ. ան պէտք է վերածուի պատասխանատւութեան, ազգային գիտակցութեան եւ գալիք սերունդներուն փոխանցուող բարոյական կտակի։
Փա՜ռք եւ պատիւ համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին ինկած բազմամիլիոն անձնուրաց զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքով իրենց բաժինը բերած են մարդկութեան ազատութեան եւ խաղաղութեան հաստատման։ Բիւրապատիկ յարգանք եւ յաւերժական խոնարհում յանուն Հայաստանի, Արցախ հայաշխարհի եւ Հայ դատի արդար իրաւունքներուն պաշտպանութեան պայքարին մէջ իրենց գերագոյն զոհողութիւնը կատարած հայ զինուորներուն, կամաւորներուն եւ քաջարի ֆետայիներուն։ Անոնք իրենց կեանքը չսակարկեցին, որովհետեւ հայրենի հողը, ազգային արժանապատուութիւնը եւ հայ ժողովուրդի վաղուան օրը իրենց համար վեր էին անձնական կեանքի ապահովութենէն։
Արցախի նահատակներուն յիշատակը մեր ազգային պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած սոսկ հերոսական դրուագ մը չէ. անիկա կենդանի պատգամ է, որ մեզ կը պարտաւորեցնէ չմոռնալ, չյուսահատիլ եւ մեր ազգային արժէքներուն հաւատարիմ մնալ։ Անոնց կիսատ մնացած երազներուն շարունակութիւնը մեր սերունդներուն ուսերուն դրուած սրբազան պատասխանատւութիւն է։
Այսօր, յարգանքի նոյն այս պահուն մէջ, իմ հոգիիս խոնարհումը կը միանայ աշխարհի բոլոր նահատակներու յիշատակին, իսկ սրտիս ամէնէն խորունկ անկիւնէն կը բարձրանայ հայ ժողովուրդի արդար ուխտը՝ յիշել իր նահատակները, պահպանել անոնց ժառանգութիւնը եւ հաւատալ, որ հայրենիքի ապագան տակաւին կրնայ լուսաւորուիլ ազատութեան, խաղաղութեան եւ ազգային արժանապատուութեան արեւով։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Ի խորոց սրտի կը մաղթեմ, որ անկախ Հայաստանի երկնակամարը եւ մեր գերեվարուած Արցախ աշխարհը օր մը դարձեալ լուսաւորուին ազատութեան ու արդարութեան արեգակնափայլ շողերով։ Թող մեր հայրենիքը դարձեալ վերագտնէ իր խաղաղ ու ապահով ընթացքը, իսկ հայ ժողովուրդը, ազգային իղձերու իրականացման ճանապարհին, ըլլայ միասնակամ, համախումբ եւ անսասան հաւատքով լեցուն՝ իր յաղթանակի յոյսն ու ուժը որոնելով նախեւառաջ ի՛ր մէջ, իր հաւաքական կամքին, ազգային գիտակցութեան եւ աննկուն ոգիին մէջ։
Խոնարհումս քեզի՛, նահատակ զինուո՛ր։
Քու կեանքովդ վկայեցիր, որ հայրենիքը սոսկ հողատարածք մը չէ, այլ՝ յիշողութիւն, ինքնութիւն, արժանապատուութիւն եւ սերունդներու յաւերժական երթ։
Յիշատակդ անմահ, զոհողութիւնդ՝ սրբազան, պատգամդ՝ յաւերժական, նահատակ հայ զինուոր։
Թորոնթօ, 2026