«Spirit of Armenia» գնահատագրի տուչութիւն

Ուրբաթ, 4 Մայիսին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Spirit of Armenia» գնահատագրի տուչութիւնը, որուն արժանացաւ Թորոնթոյի շրջանէն հայութեան տարիներու բարեկամ հանգուցեալ Արնոլտ Չանը։

Հանգուցեալ Արնոլտ Չանը ներկայացուցին Թորոնթոյի շրջանէն եւ Հայ Դատի Շրջանային Մարմնի անդամ օրդ. Մարիամ Դաւիդեանը եւ Ազգային Վարչութեան անդամ Պրն. Յակոբ Տէր Յակոբեանը։ Իրենց խօսքին մէջ անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին հանգուցեալի այրիին Ճին Յիփին։ Հանգուցեալ Արնոլտ Չանը հայ գաղութին համար ցուցաբերած է շարունակական զօրակցութիւն եւ ատենապետն էր Գանատա-Հայաստան Բարեկամութեան Խմբակցութեան։

Տիկին Ճին Յիփ իր սրտի խօսքին մէջ արտայայտեց իր երախտագիտութիւնը այս գնահատագրին համար։ , որոնք Սփիւռքի տարածքին իրենց կնիքը դրած են այն երկիրներուն մէջ ուր հաստատուած են եւ դարձած են քաղաքացիներ։

«Spirit of Armenia» շքանշանը կը տրուի ոչ-հայ անհատներու, որոնք կը ցուցաբերեն յատուկ բարեկամութիւն եւ ծառայութիւն՝ հայութեան եւ հայութիւնը շահագրգռող հարցերու առընչութեամբ։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.