Never Again!
Լուսանկարը՛ Դաւիթ Ղահրամեանի
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Սիրելի՛ ընթերցող. հետեւեալ տողերը մի՛ ընկալեր իբրեւ զգացական արտայայտութիւն, այլ նկատէ մեր ապրած ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՀԱՒՈՐ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ` ԱՐՑԱԽԻ ԿՈՐՈՒՍՏԻՆ դէմ ընդվզում, պոռթկում, որ անկասկած համակած է ազգս ամբողջ:
Կասկած չունիմ, որ կայ հայ մը, որ չի գիտակցիր, չ՛ըմբռներ նորագոյն աղէտին պատմական տարողութիւնը, չի բաժնեկցիր այն մտավախութեան, որ կրաւորականութեան եւ ձեռնածալութեան ճամբով կրնանք խուսափիլ նոր աղէտներէ: «Զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք»-ը հիմա ունի տարբեր հնչեղութիւն:
… Մասնաւորաբար ապրիլ 24-ի առիթով մեր աշխարհատարած ցոյցերուն ընթացքին, նաեւ Ցեղասպանութեան յիշատակման տարբեր առիթներով, տասնամեակներէ ի վեր հնչեցուցած ենք «Never again!» (Պիտի չկրկնուի) կամքը, ու աշխարհի տարբեր երկիրներու պետական շրջանակներէ ալ գտած ենք համահունչ արձագանգներ: Մեծ ու փոքր պետութիւններ հաստատած են, որ 1915-1923 տարիներուն հայ ժողովուրդը զոհ գացած է Թուրքիոյ պետութեան կողմէ կազմակերպուած եւ գործադրուած պատմական ոճիրին, որ նախատիպարը եղած է նոյն դարուն եւ մինչեւ օրս կրկնուող ցեղասպանական արարքներու: Բոլորն ալ կրկնած են ու կրկնած. Never again!
Եւ սակայն մեր ու աշխարհի աչքերուն առջեւ Ազրպէյճան եւ նո՛յն Թուրքիան կրկին ու կրկին ռազմական գործողութիւններ կը սանձազերծեն Արցախի ու Հայաստանի դէմ, եւ մենք ու աշխարհը դարձեալ կ՛ըսենք. Never again!
– Արցախի 75 առ հարիւրը բռնագրաւելէ Ճիշդ 3 տարի ետք Ազրպէյճան վերջնականապէս կը խլէ Արցախը, իսկ մենք ու աշխարհը կ’ըսենք. Never again!
– Արցախի հայ բնակչութեան մօտաւորապէս քառորդը վերջնականապէս գաղթական դառնալէն ուղիղ երեք տարի ետք, մնացեալ արցախցիներն ալ, վերահաս ջարդերէ խուսափելու համար, գաղթական կը դառնան, իսկ մենք ու աշխարհը կ՛ըսենք. Never again!
– Արցախի գիւղերուն բնակիչները օր ցերկով կը ջարդուին, հայրենի հողը պաշտպանող զինուորներ նահատակ կ՛իյնան, եւ մենք ու աշխարհը կ՛ըսենք. Never again!
– Բնագաղթուած ժողովուրդը դէպի Հայաստան աքսորի ճամբուն վրայ ենթակայ կը դառնայ անտանելի վիճակի, մանուկներ եւ տարեցներ կը մահանան, ինչպէս եղաւ աւելի քան 100 տարի առաջ ցեղասպանին ձեռքով բռնագաղթի հանուած անտէր զանգուածներուն` դէպի Տէր Զօր, Մարկատէ ու այլ սպանդանոցներ առաջնորդուողներուն (բախտաւորութի՞ւն պէտք է սեպել, որ հիմա գաղթը ինքնաշարժով կ՛ըլլայ եւ մահացութիւնը նոյնքան համատարած չէ), իսկ մենք ու աշխարհը կ՛ըսենք. Never again!
– Բռնագրաւող ոճրագործը, հաւատարիմ մնալով դարաւոր իր սովորութեան, քար ու քանդ կ՛ընէ հայկական շէներ, կը շարունակէ ջնջել-վերցնել խորհրդանիշներ ու հետքեր, յուշակոթողներ, իսկ մենք ու աշխարհը կ՛ըսենք. Never again!
– Ազրպէյճան ստապատիր քարոզչութիւն կը տարածէ, իբր թէ հոգ կը տանի Արցախի հայերուն, ա՛յն «հոգածութեամբ», որ դար մը առաջ Թուրքիոյ պետութիւնը մղեց «պատերազմի պատճառով վտանգուած հայերը ապահով վայրեր փոխադրելու», իսկ մենք ու աշխարհը կ՛ըսենք. Never again!
– Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կը պատրաստուին Արցախի ճակատագիրին մատնել Հայաստանը` սկսելով Սիւնիքէն, ու մենք ու աշխարհը կ՛ըսենք. Never again!
– … Never again! Never again! Never again!!!
* * *
Մեր ժողովուրդը դարձեալ զոհ է ցեղասպանական կանխամտածուած եւ լաւապէս պատրաստուած ծրագիր մը: Իրականացումը կը կատարուի աշխարհի աչքերուն առջեւ: Հիմա, լրատուական եւ հաղորդակցութեան միջոցները իրականութեանց բացայայտումը կը կատարեն օրը օրին: Աշխարհը դատապարտանքի յայտարարութիւններով կ՛ողողէ լրատուադաշտերը, կը խոստանայ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ղրկել աղէտեալներուն (նուազագոյն սպեղանի, բայց քաղաքական առումով` սնամէջ): Վաղը, եթէ ՄԱԿ-ը, Եւրոպական խորհուրդը, Ռուսիա կամ այլք քննիչներ ղրկեն ու ստուգումներ կատարեն, առանց յապաղումի պիտի հաստատեն, որ Ազրպէյճան ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ իրականացուցած է Արցախի մէջ: Նոյնը կրնան ընել դեսպանատուները… Պէտք պիտի չըլլայ ամիսներ սպասելու, որ միսիոնարներ, դիւանագէտներ եւ լրագրողներ ականատեսի վկայութիւններ հասցնեն կառավարութեանց, միջազգային կազմակերպութիւններու ու աշխարհի ուշադրութեան, ինչպէս եղաւ Ցեղասպանութեան տարիներուն: Նման քննութիւն ո՛չ միայն պէտք է պարտադրել Ազրպէյճանի եւ մեղսակից Թուրքիոյ, այլ` անցնիլ Never again-էն անդին եւ անյապաղ հաշիւ-հատուցում պահանջել, դատապարտել եւ պատժել ոճրագործները: Սա կը պահանջէ Հայաստանի պետութեան ու աշխարհասփիւռ հայութեան համատեղ եւ տենդոտ գործակցութեան:
Կարելի՞ է անտեսել կամ մոռնալ, որ Երեւանի իշխանաւորները աւելի՛ ուղղակի, քան անուղղակի մեղսակից են պատահածին, ԱՂԷՏին պատրաստութեան եւ իրականացման: Եւ անգամ մը եւս կը ստիպուինք յիշելու նշանաւոր խօսքը. «Անտառին հարցուցեր են, թէ ինչո՞ւ կու լայ, պատասխաներ է` կացինին կոթը ինձմէ է…»: (Այս սիւնակին մէջ չենք ուզեր այդ երեսին վրայ երկար կանգ առնել, ամէն բան բացայայտուած է… աչք եւ ուղեղ ունեցողներուն համար):
Եթէ գլխաւոր մեղաւորը Ազրպէյճանն ու Թուրքիան են, նաեւ` անոնց կամակատար-գործակիցին վերածուած Երեւանի իշխանաւորները, պէտք է ընդունինք, որ հայութիւնն ու աշխարհը ունին պատասխանատուութեան իրենց բաժինները: Աշխարհը` կրաւորական «խանդաղատանք»-ի եւ խօսքի ապուրներով մեզ կերակրելուն, իսկ հայութիւնը` անզօրութեան սահմաններէն անդին չանցնելուն, «ի՞նչ կրնանք ընել»-ի քարոզչութեամբ տարուելուն համար:
* * *
Երեւանի իշխանութիւնները հիմա կրնան ինքնարդարացումի երթալ` ըսելով, որ մենք 40 հազար գաղթական պատսպարելու պատրաստակամութիւն յայտնեցինք, հիմա գաղթականներուն թիւը անցած է 50 հազարը, շուտով կը հասնի հարիւր հազարի: Ի՞նչ կ՛ուզէք, որ ընենք ասկէ աւելի: Պիտի զգաստանա՞ն եւ անդրադառնա՞ն, որ եղածը նա՛եւ իրենց ձեռակերտն է, որովհետեւ «Արցախը Ազրպէյճանին կը պատկանի» յայտարարելով` վերցուցին փանթուրանականութեան դէմ դարաւոր արգելքը: Եւ այս «իրագործում»-ին մէջ ո՛չ պէտք է նախկիններ փնտռել, ո՛չ ալ մրցումի ելլել բարեկամներ ու դաշնակիցներ մեղադրելով:
Ինչի՞ կը ծառայեն Երեւանի ու Թուրքիոյ եւ այլոց միջեւ հեռաձայնային եւ այլ հաղորդակցութիւնները, երբ Արցախը դուրս մղուած է օրակարգէն: Անդին` յստակ են Պաքուի հետ Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ եւրոպացիներուն հաղորդակցութեան առանցքները: Ամէն բան կը թաւալի առեւտուրի եւ շահադիտական այլ հաշիւներու շուրջ: Բարձրաձայն կը խօսուի ճամբաներու բացման տարբերակներու մասին, իսկ Հայաստան հազիւ թէ կ՛երեւի լուսանցքի վրայ:
Հայաստանի մէջ վերջին օրերուն նկատեր են, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, Արցախի վերջին պատառիկին խլումէն ետք, նուազեցուցած են «Զանգեզուրի միջացանք»-ին ուժով տիրանալու մասին հռետորաբանութիւնը: «Բէք-աղէ՛կ», պիտի ըսէ բարեմիտ հայը: Սակայն ո՞վ է այն ցնորամիտը, որ պատրաստ է գրաւ դնելու եւ յոյս կապելու նման նախատեսութեան, երբ իրազեկներ բաց աչքերով տեսան, թէ երկու օր առաջ Էրտողան եւ Ալիեւ նոր ծրագիրներու մշակման հանդիպում ունեցան Նախիջեւանի մէջ, ազերիական ուժերը կազմ ու պատրաստ կը սպասեն սահմանի երկայնքին, հաւանաբար Փաշինեան-Ալիեւ մօտալուտ հանդիպումին սեղանը կը պատրաստուի` Երեւանէն այս ուղղութեամբ նոր գործակցութիւն, իմանալ` զիջում ապահովելու դիտաւորութեամբ, իսկ ազերիական քարոզչական մեքենան կը յայտարարէ, որ գաղթող արցախցիները կ՛ապաստանին «Արեւմտեան Ազրպէյճան», եւ սա արդէն մտահոգիչ այլ զարգացումներու մասին նոր ահազանգ է…
* * *
Այս խորապատկերին առջեւ Never again-ը տարբեր հնչեղութիւն ունի հիմա: Ա՛յն հնչեղութիւնը, որ 27 սեպտեմբերին լսուեցաւ Եռաբլուրէն, ուր գացեր էին ճիշդ 3 տարի առաջ շղթայազերծուած 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն ընտանիքները եւ անոնց յիշատակը յարգող հայրենապաշտպան աւագանին: ՔՊ-ականներ ու անոնց պետը այս տարի չէին համարձակած Եռաբլուր բարձրանալ, որովհետեւ «ուսապարկի»-ի մը իսկ խոստովանութեամբ` «Ինչո՞ւ գան, քանի մը օր առաջ երկու հոգի եկան, ծեծ կերան եւ հեռացան…»: Իսկ կարելի՞ է մոռնալ, թէ տարի մը առաջ նահատակներու մայրեր ինչպիսի՛ խժդժութեան ենթարկուեցան սրբավայրին մէջ, երբ փորձեցին արգելք ըլլալ Փաշինեանի եւ խմբակիցներուն Եռաբլուր մուտքին:
ՔՊ-ականները այլապէս ալ ծեծ կերան քաղաքական դաշտի մէջ, Երեւանի ընտրութիւններուն ու օր ըստ օրէ ծաւալող ժողովրդային ընդվզումի ալիքին լոյսին տակ, ուր նորահունչ Never again-ը կը կրկնուի: Այս զարգացումները հայրենապաշտպաններուն իրաւունք կու տան ըսելու, որ նման ծեծեր պէտք է տրուին Again and again, այսինքն` կրկին ու կրկին, որպէսզի հայրենքին ու ազգի՛ փրկութեան ճիգերը չմատնուին նախորդ փորձերու ճակատագիրին:
Իշխանաւորներու քարոզչութիւնը պէտք է իր դիմաց գտնէ, եւ պիտի՛ գտնէ հայրենիքին տիրութիւն ընող գիտակից եւ զարթնո՛ղ զանգուածը: Պէտք է դուրս գանք այն ինքնախաբէութենէն, ինքնաողոքումի հոգեբանութենէն, թէ` «Եղածը այնքա՛ն ցնցիչ է, որ երկար ժամանակի կը կարօտինք խորաչափելու աղէտին տարողութիւնը»: Մասնաւորաբար իշխանական շրջանակին կողմէ հրապարակ նետուած այս յանկերգը, որ կը շարունակէ արձագանգ գտնել մեկնաբաններու ու կարգ մը մտաւորականներու քով, պէտք է դուրս շպրտենք մեր քաղաքական կամքէն եւ գործնապէս մերժենք նահանջներու ու պարտութիւններու կրկնութիւնը: Նոյն կամքով ճամբայ պիտի հանենք հայրենիքին ու ազգին փրկութեան, վերականգնումին եւ իրաւունքներու կենսագործման հերակլէսեան առաքելութիւնը` իրապաշտ «ճամբու քարտէս»-ի մը արագ ձեւաւորումով, ի մի բերելով հայրենաբնակ ու արտերկրի հայութեան ձեռքերը: Փաշինեանի եւ գործակիցներուն պէտք է արգիլել Mission accomplished (առաքելութիւնը յաջողութեամբ ամբողջացած է) յոխորտանքը, որովհետեւ գիտե՛նք, թէ անոնք ինչպիսի՛ առաքելութիւն մը իրականացնելու համար իշխանութեան բերուած են աւելի քան 5 տարի առաջ:
27 սեպտեմբեր 2023
Comments are closed.