Breaking News

Շաբաթական Աստղագուշակ

Յունիս 6 -12

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) – Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած սէրը պիտի թակէ սրտիդ դուռը, ուրախութիւնդ անսահման պիտի ըլլայ, բաց սրտիդ դռները եւ ապրէ՛ նոր կեանք մը՝ սիրով եւ ցնծութեամբ լի: Տէր եղիր այս սիրոյն, որովհետեւ այսքան անկեղծ սէր քիչ կը հանդիպի կեանքի ընթացքին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) – Երկար ժամանակէ ի վեր ընտանիքէդ հեռու ես, անոնք առանձին կը զգան առանց քեզի, վերադարձի՛ր իրենց քով եւ սիրով պարուրէ ընտանեկան մթնոլորտը, որպէսզի ջերմանայ օճախդ: Որքան ալ խճողուած ըլլայիր այսքան հեռանալու չէիր ընտանիքէդ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) – Այս շաբաթ չափազանց խճողուած ես, հիւրեր կ’ընդունիս հեռաւոր երկիրներէ, ընկերներ, բարեկամներ եւ ազգականներ: Ընտանեկան եւ ընկերային շատ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ հաճելի ժամանակ պիտի անցընես:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) – Երկար արձակուրդը հաճելի չթուեցաւ քեզի, ձանձրոյթ պատճառեց: Հետեւաբար հաւաքէ՛ ուժերդ եւ վերադարձիր աշխատանքիդ՝ նոր թափով եւ աշխուժութեամբ: Գործընկերներդ ալ անհամբեր քեզի կը սպասեն, որովհետեւ սիրուած ես բոլորին կողմէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս) Ճամբորդութիւն մը պիտի վերաթարմացնէ ուժերդ, փորձէ ամենամօտ ատենին արձակուրդ մը առնել եւ հանգստանալ: Ընտանեկան դժուարութիւններ պիտի ունենաս այս շաբաթ, փորձէ համբերատար եւ փափկանկատ ըլլալ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)Գործերդ կուտակուած են, շատ խճողուած ես, եթէ այսպէս շարունակես՝ պիտի թերանաս, եւ գործատէրդ պիտի դժգոհի: Անմիջապէս դասաւորէ գործերդ, սկսի՛ր ամենէն կարեւորէն, որպէսզի կարգով կարենաս ամբողջացնել զանոնք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)Նոր անձի մը հետ ծանօթութիւն պիտի ունենաս, որ շուտով բարեկամութեան պիտի վերածուի: Այս բարեկամութիւնը տարիներ պիտի տեւէ, հետեւաբար մտահան չընես ծանօթութեան առիթն ու վայրը, յետագային միշտ պիտի յիշես զանոնք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)Երկար ատենէ ի վեր գործի ասպարէզիդ մէջ պաշտօնի բարձրացում կը սպասես: Այս շաբաթ պիտի արժանանաս անոր: Այդ մէկը քեզի նոր թափ եւ աշխուժութիւն պիտի շնորհէ, եւ վերանորոգուած ոգիով պիտի շարունակես գործդ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)Միշտ հետեւէ՛ ներքին զգացումներուդ, անոնք քու ճամբադ կ’ուղղեն: Շուրջիններուդ խրատները անտեսէ՛, որովհետեւ վերջերս շրջապատուած ես նախանձոտ մարդոցմով: Զգոյշ եղիր այս շրջանին:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)Երկար ատենէ ի վեր միայն գէշ լուրեր կը ստանաս: Այս շաբաթ սակայն միայն լաւ լուրեր պիտի լսես, հոգեկան վիճակդ կը բարելաւուի, եւ տրամադրութիւնդ բարձր պիտի ըլլայ: Ուրախութիւնդ բաժնեկցիր ընկերներուդ հետ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար) – Հաճելի արձակուրդ մը կ’երազես, սակայն այս շրջանին պիտի չկարենաս առնել: Աշխատանքային դժուար եւ ծանրաբեռնուած ժամանակաշրջան մը կը սպասէ քեզի: Զա՛նց առ երազային ծրագիրներդ եւ կեդրոնացի՛ր աշխատանքիդ վրայ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ) – Աշխատանքը մտային եւ մարմնային լաւագոյն մարզանքն է, հետեւաբար հաշտ եղիր քեզի վիճակուած աշխատանքին հետ եւ համակերպի՛ր: Մօտօրէն արձակուրդ պիտի առնես, հետեւաբար գործերդ կարգաւորէ եւ պատրաստուէ՛ արձակուրդի:

 

Welcome

...