GALLUP-ի հարցախոյզը խեղաթիւրուած է. Իշխան Սաղաթէլեան.

«Հայաստան» դաշինքի նախընտրական ծրագիրի ընկերա-տնտեսական ուղենիշներու ներկայացման աւարտին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն եւ քաղաքական ներկայ իրավիճակին։

Սաղաթէլեանը շեշտեց, որ ձեւաւորուած խոշոր դաշինքները բաւական արդիւնաւէտ ձեւաչափ են ներկայ իշխանութեան վերարտադրութիւնը կանխելու համար։ Խօսելով «GALLUP International Association»-ի հրապարակած վերջին տուեալներուն մասին, ան ըսաւ, որ այդ թիւերը կապ չունին իրականութեան հետ եւ խեղաթիւրուած են։ Սաղաթէլեան յայտնեց, թէ իրենց կողմէ պարբերաբար կատարուած հարցումները ցոյց կու տան, որ միասնական ընդդիմութեան վարկանիշը կրկնակի անգամ կը գերազանցէ գործող վարչախումբի ցուցանիշները։

Սաղաթէլեանը նաեւ քննադատեց Փաշինեանի վերջին շրջանի պահուածքն ու յայտարարութիւնները՝ նշելով, որ անոր բառապաշարն ու «ջղաձգումները» կը խօսին իշխանութիւնը կորսնցնելու վախերուն մասին։ Ան զգուշացուց, որ իշխանութիւնը կրնայ դիմել ապօրինի քայլերու՝ ուժային կառոյցներուն եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին հրահանգներ տալով, որպէսզի խոչընդոտէ ընդդիմութեան գործունէութիւնը։

ՀՅԴ ներկայացուցիչը կոչ ուղղեց միասնական ճակատով պայքարելու այդ ամէնուն դէմ եւ թոյլ չտալու, որ քաղաքական գործընթացները վերածուին փողոցային անառողջ մթնոլորտի։