«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 2017 թուականի վարժողական ծրագիր
Գանատայի աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման պետական բաժանմունքին կողմէ տրամադրուծ յատուկ ֆոնտով, «Հորիզոն» շաբաթաթերթը այս տարի կը նախաձեռնէ ուսանողական վարժողական ծրագիր։
Աշխատանքի մանրամասնութիւններ
– «Հորիզոն»ի ամէնօրեայ խմբագրական աշխատանքներու ծիրէն ներս թարգմանութիւններ կատարել, անգլերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
– Գաղութային ձեռնարկներու թղթակցութիւններ կատարել։
– Հարցախոյզներ կազմակերպել։
– «Հորիզոն»ի վարչական աշխատանքներուն օգնել ։
– Բաժանորդագրութիւններու գործընթացը հետապնդել։
– Արխիւներ դասաւորել ։
Պայմաններ
– Թեկնածուն 15-30 տարեկան երկրորդական վարժարանի, Cegep-ի կամ համալսարանի ուսանող պէտք է ըլլայ։
– Պէտք է լիաժամ ուսանող ըլլայ, որ վարժողական ծրագրէն ետք վերստին իր ուսումը պիտի շարունակէ։
– Պէտք է Գանատայի քաղաքացի, մնայուն բնակիչ, կամ Immigration and Refugee Protection Act-ի օրէնքներով սահմանուած ապաստանեալ (Refugee) ըլլայ։
– Պէտք է աշխատելու իրաւունք ունենայ։
Աշխատանքի տեւողութիւն եւ վարձատրութիւն
– Վարժողական այս ծրագրի դիմումները կը սկսին Ապրիլ 25-ին։ Ծրագիրը կը սկսի Յունիս 19-ին եւ կ՚աւարտի Յուլիս 28-ին։
– Ծրագրի տեւողութիւնն է 6 շաբաթ, շաբաթական 30 ժամ աշխատանքային ժամով եւ 11.25 տոլար ժամական վարձատրութեամբ։
Ձեր դիմումնագրերը ուղարկեցէք «Հորիզոն»ի հասցէին մինչեւ Յունիս 8
3401 Olivar-Asselin, Montreal, Quebec, Canada H4J 1L5
Կամ ե–նամակով ուղարկել «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեանի հասցէին՝ sylva@horizonweekly.ca