Համազգայինի «Անի» պարախումբը կը ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ»ն
Ապահովեցէ՛ք ձեր օրացոյցին վրայ Հոկտեմբեր 14-15, 2017 թուականը, ուր Մոնթրէալի Համազգայինի «Անի» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավար Էվա Հայրապետեանի եւ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկ. Ատոմ եւ Սեդա Մալխասեաններու, պիտի ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի նշանաւոր «Գայեանէ»ն։
Տոմսերը կրնաք ձեռք ձգել այս Կիրակի երեկոյեան, Սուրբ Յակոբի Քէրմէսին ընթացքին, ուր պարախումբը ելոյթ պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ։
Հրաշալի ելոյթ մը ձեզ կը սպասէ Հոկտեմբերին, ուր աւելի քան 200 մասնակիցներ, տարբեր տարիքներէ բեմ պիտի բարձրանան, քսան տարիներ ետք, անգամ մը եւս ներկայացնելու, այս անգամ նոր մշակումներով բեմադրուած «Գայեանէ»ն։
Վստահ ենք որ ինչպէս միշտ, քաջալեր պիտի հանդիսանաք սոյն նախաձեռնութեան, միաժամանակ նշելով Մոնթրէալի 375 եւ Համազգայինի «Անի» պարախումբին 50` զոյգ ամեակները։