Հայ մարզիկը եւ հայ քաղաքական գործիչը
March 12, 2024Վերջերս ականատեսը դարձանք հայ մարզիկներու նուաճումներուն մարզական զանազան խաղաոճերու մարզերէն ներս, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանական մրցաշարքերուն: Պէտք է ընդունինք, որ այս գերազանց ձեռքբերումները կ'ենթադրեն յարատեւ եւ տարիներու հետեւողական անդուլ պատրաստութիւն: Մշակուած սերմերը, վրան գումարած ցեղի ծիներու իւրայատկութիւնները, որ Վահագնի զօրութենէն սեռած ...