Լոյս տեսաւ «Հորիզոն»ի ամանորի բացառիկը
December 28, 2023«Հորիզոն»ի 23-րդ բացառիկը գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած է Արցախին։ 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին հռչակուած Արցախի անկախութեան հռչակումէն 32 տարի ետք, խորտակուած է Հայոց Արեւելից կողմանց դարպասապահ ամրոցը՝ Արցախը։ Հայոց Ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, ականատեսներն ենք արցախահայութեան ցեղասպանական բռնագաղթին։ Արցախը դարերու ընթացքին ...