Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ
June 13, 202412 յունիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Հանդիպման ընթացքին տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին կողմէ առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ. ա) Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը եւ յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը: բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն ...