Միեւնոյն Նպատակին Հասնելու Համար Նոր Միջոցներ (ՀՅԴ Օրուան Առիթով)
January 31, 2025Միջազգային եւ հայկական հարթութիւններու վրայ բաւական ծանր փուլի մէջ է, որ Դաշնակցութիւնը այս օրերուն, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին կը տօնակատարէ իր հիմնադրութեան 134-ամեակը: Գաղափարաբանութիւններու անկման, կուսակցութիւններու նօսրացման, արժէքներու արմատական փոփոխութիւններու ենթարկման այժմու յորձանուտներուն մէջ մեր կուսակցութեան երկարակեացութիւնը կարեւոր խորհուրդներ կ՛ընդգծէ. ...