ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթող տեղադրուեցաւ Սարդարապատի մէջ
May 28, 2019Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ, Մայիսի 28-ին հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական եւ քաղաքական նշանաւոր գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթող: ՀՅԴ-ի այս նախաձեռնութիւնը իրականացաւ համագործակցութեամբ Սարդարապատի թանգարան, հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանի տնօրէնութեան հետ: Ծրագիրը իրականացաւ ...