Գանատայի Հայոց Թեմի Օնթարիոյի եկեղեցիները շուտով կը վերաբացուին
June 09, 2020ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը իր հաւատացեալ ժողովուրդին կը տեղեկացնէ, որ հրամանաւ եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, 14 Յունիս 2020-ին, պետական օրէնքներու եւ առողջապահութեան ապահովման կանոններու հիման վրայ պիտի վերաբացուին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական ...