Ազգային գաղափարախօսութիւնը հիմք՝ անկախ պետականութեան յարատեւման
September 20, 2018Հայաստանի անկախ պետականութիւնը կը թեւակոխէ իր 27-րդ տարին։ Չափակշռելով վերանկախացումէն ետք փորձութիւններու ուղին, կու գանք այն եզրայանգման, որ իրերայաջորդ իշխանութեանց արձանագրած սայթաքումներու, յաջողութիւններու եւ պատմական առիթներու կորուստներու համագումարի արդիւնքը՝ այսօրուան դրութեամբ կարելի է նկատել նորանկախ պետութեան կազմաւորման նախափորձութեան ճանապարհի առաջին ...