Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը լոյս ընծայեց «Ծոցի Արաբական երկիրներու Հայերը» հատորը
October 14, 2024Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը այս օրերուն լոյս ընծայեց Ծոցի Արաբական երկիրներու հայերը հատորը: Գիրքը կ'ընդգրկէ 26 յօդուած-ուսումնասիրութիւն: Ստորեւ՝ ցանկը.- Դոկտ. Ժոզէֆ ԱլԱղա, «Ծոցի արաբական երկիրները. տնտեսական զարգացում, քարիւղ եւ պանդուխտներ (1960-2020)» Փրոֆ. Ճոն Արմաճանի, «Սէուտական Արաբիոյ սահմանադրութիւնը եւ օտարահպատակները» Դոկտ. Յասմիկ Քելիկեան-Պարան, «Հայ ...