«Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալէ Բացի Այլ Ելք Չունի» Շեշտեց Վերա Եագուպեան
May 15, 2020Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան հեռաձայնային եւ վիտէօ հաղորդակցութեամբ հարցազրոյցներ ունեցաւ «Արապիա» եւ «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայաններուն, ինչպէս նաեւ «Նահար»-ի առցանց պատկերասփիւռին հետ: Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ցաւալի յիշատակ է բոլոր հայերուն ...