Շահան Գանտահարեան․ Լիբանանի մէջ հայկական համայնքը առայժմ վնաս չէ կրած, սակայն կացութիւնը կը մնայ անորոշ
March 05, 2026Լիբանանի մէջ ընթացող ռազմական լարուածութեան լոյսին տակ, տեղւոյն հայկական համայնքը առայժմ մարդկային կորուստներ կամ ուղղակի վնասներ չէ արձանագրած։ Այս մասին Zarkerak-ին յայտնած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան՝ նշելով, որ հայկական համայնքային կառոյցները մինչ այժմ չեն տուժած, սակայն ...