Կառավարութեան Կառուցուածքի Քննարկումները Աւարտած Են․ Հայաստան Պիտի Ունենայ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար
February 08, 2019ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր տեղեկացուցած է, որ կառավարութեան կառուցուածքի քննարկումները վերջնականօրէն աւարտած են: «Հայաստանի մէջ պիտի ըլլայ 12 նախարարութիւն: Վարչապետի աշխատակազմին մէջ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնը, որ պիտի ըլլայ վարչապետի ներկայացուցիչը Սփիւռքի մէջ եւ վարչապետի անունէն պիտի ...