Հայաստանի Եւ Աշխարհի Տարբեր Երկրներու Ասորիները Հայ Ժողովուրդի Կողքին Են
November 05, 2020Արցախի դէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած վայրագութեան առաջին իսկ օրէն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ աշխարհի տարբեր երկրներու ասորիները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին: Ոչ միայն տարբեր նախաձեռնութիւններով օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն, այլ Հայաստանի մէջ բնակող շատ մը ասորիներ զինուորագրուեցան եւ մեկնեցան Արցախ: ...