Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած «Ոգեկոչում Արուեստի Շունչով» Ձեռնարկը՝ «Նարեկացի» Կեդրոնէն Ներս
April 26, 2022Ապրիլ 24-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ «Ոգեկոչում արուեստի շունչով» ամէնամեայ ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Միութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ձեռնարկին Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սամուէլ Բաղինեան կարդաց Սիամանթոյի ստեղծագործութիւնները, երաժշտական կատարումներով հանդէս ...