Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումին Ծանօթացման Մամլոյ Ասուլիս` Երեւանի Մէջ
July 21, 202320 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ գտնուեցան հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեան, Դաւիթ Յակոբեան, Ֆետի Խաժակ Գազանճեան եւ Թալին Օրտողլեան: Մամլոյ ասուլիսին խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան եւ ...