Մուրատ Փափազեան. «Պիտի Պայքարիմ՝ Վերականգնելու Համար Հայաստան Վերադառնալու Իմ Իրաւունքս»
November 22, 2023ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը դիմած է Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին՝ ստանձնելու իր պարտականութիւնները, բեկանելով Ազգային անվտանգութեան Ծառայութեան որոշումը: Այս մասին ան հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածած է. «14 յուլիս 2022-ին, երբ ես կը մեկնէի Հայաստան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը արգելեց իմ մուտքս եւ արտաքսման հրաման տուաւ՝ ըսելով, որ ես «փերսոնա նոն կրաթա եմ»։ Դէպքերէն 13 ամիս ետք՝ 21 օգոստոս 2023-ին նախնական դատական նիստի ժամանակ դատաւորը Ազգային անվտանգութեան ...