Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ հոգելոյս Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի թաղման կարգը
December 28, 202317 Դեկտեմբեր 2023-ին, Մոնթրէալի (Գանատա) մէջ ի տէր հանգաւ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, մեր ժողովուրդի զաւակներուն երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելէ ետք։ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Տան Կարգն ու Վերջին Օծումը կատարուեցաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ, 21 Դեկտեմբեր 2023-ին, օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս ...